«Սթանտարտ Էնտ Փուրզ» Կը Պատասխանէ Էրտողանի Մեղադրանքներուն
«Սթանտարտ Էնտ Փուրզ» վարկանշային կազմակերպութիւնը հակազդած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւններուն, թէ ինք այլեւս «Սթանտարտ Էնտ Փուրզ»-ը հեղինակութիւն չի նկատեր եւ կը պատրաստուի միակողմանի կերպով դադրեցնել նշեալ կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը:
Նշեալ կազմակերպութիւններէն աղբիւրներ յայտնած են, որ «Ֆրանսա տակաւին 2000-ին դադրած է մեզի հետ աշխատելէ: Սակայն կը շարունակէ մնալ մեր վարկանշային աղիւսակներուն մէջ, որովհետեւ կը կարծենք, որ ելեւմտական շուկաներուն համար ան կարեւոր դերակատար է, եւ մեր յաճախորդներուն համար կարեւոր է գիտնալ այդ տեղեկութիւնները»:
«Սթանտարտ Էնտ Փուրզ» Թուրքիոյ վարկանիշի նախատեսութիւնը «դրականէն» «կայուն»-ի իջեցուցած էր, ինչ որ զայրացուցած էր Թուրքիոյ շարք մը պաշտօնեաներ, իսկ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քանի մը անգամ կարծր քննադատութեան ենթարկած էր կազմակերպութիւնը:
«Ինչպէ՞ս սնանկացման եզրին գտնուող Յունաստանի եւ Իրլանտայի ցուցանիշը բարձրացուած են: Ինչո՞ւ: Ես զարգացող երկիր ունիմ: Աշխարհի վրայ այլեւս ոչ մէկու օգնութեան կարիք ունեցող Թուրքիա կայ: Դուն Թուրքիոյ ցուցանիշը ինչո՞ւ կը նուազեցնես: Ես այլեւս քեզ իբրեւ վարկանշային կազմակերպութիւն չեմ նկատեր: Տնտեսական զարգացման մակարդակով երկրորդ երկիրն ենք, դուն բացասական գնահատական կու տաս: Ատիկա ոչ ոք կուլ կու տայ», յայտարարած էր Էրտողան:

