Էրտողան Իսրայէլի Կողմէ Ներումի Հայցէն Առաջ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպում Մը Կը Մերժէ
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպում ունենալ, այնքան ատեն որ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» թրքական նաւուն դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին համար ներում չէ հայցած` պահանջելով նաեւ, որ «Իսրայէլ Կազայի շրջափակումը վերցնէ»:
Էրտողան Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հասարակաց շրջաններու բաժանմունքին կողմէ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովին ընթացքին ըսած է, որ «երբ Իսրայէլ այս պայմանները կը կատարէ, այն ատեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարենան անցեալին նման ծաղկիլ»:
Ան նշած է, որ «Թուրքիա իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն պէտք չունի, եւ յաջողեցանք զանոնք փոխարինել: Անցեալ տարի 31 միլիոն զբօսաշրջիկ ունեցանք, իսկ բռնագրաւումի շարունակման եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց վերաբերող տագնապը թրքական տնտեսութեան վնաս չի հասցներ»: Ան շեշտած է, որ «Թուրքիա այս պայմաններէն զիջում պիտի չկատարէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը յարատեւ տագնապ պատճառէ»:
Վարչապետ Էրտողան Հրաւիրուեցաւ
Կրկին Մասնակցելու Տաւոսի Հաւաքոյթին
«Մարմարա» կը գրէ, որ 2009-ին ծանր միջադէպ պատահած էր Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին կողմէ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շատ զայրացած էր, «Ուան մինիթ» (մէկ վայրկեան) ըսելով խօսքի իրաւունք ուզած էր եւ խօսելէ ետք ալ «Տաւոսը այլեւս վերջացած է ինծի համար» ըսելով հեռացած էր հաւաքոյթէն: Այս թուականէն ի վեր ցուրտ հովեր կը փչեն Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, բայց թէ՛ միջազգային շրջանակները, թէ՛ Իսրայէլ ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի այդ անմոռանալի պատահարին ստեղծած յոռի տպաւորութիւնը ջնջուի ու Թուրքիա վերստին բարելաւէ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները:
Այս ուղղութեամբ նոր կոչ մը եկաւ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հասարակաց շրջաններու բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆան Գինոքէն, որ Պոլիս եկած է իր նախագահած բաժանմունքին կողմէ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առիթով: Գինոք բաց հրաւէր ուղղեց Էրտողանին, որպէսզի ան կրկին մասնակցի Տաւոսի յառաջիկայ ժողովին: «Մեզի համար շատ կարեւոր է վառ պահել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ տեսնենք, որ Թուրքիա Տաւոսի մէջ կրկին կը ներկայացուի ամէնէն բարձր մակարդակով: Եկէք մոռնանք «Ուան մինիթ»-ի պատահարը», ըսաւ Գինոք:
Գինոք դիտել տուաւ, որ 2009-ի ժողովի ընթացքին հանրային կարծիքը, մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ, շատ զգայուն դարձած էր Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ կատարուածներուն պատճառով, ջիղերը պրկուած էին ու ասոր արդիւնքն էր, որ ապրեցանք Տաւոսի մէջ, «սակայն հակառակ այդ միջադէպին, Համաշխարհային տնտեսական համախմբումը միշտ ճամբաները բաց պահեց Թուրքիոյ հետ, եւ փաստը այն է, որ այսօր Պոլսոյ մէջ կը գումարենք մեր խորհրդաժողովներէն մէկը», ըսաւ Գինոք:

