Թուրքիա, Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Եռակողմ Հռչակագիր Մը Ստորագրեցին

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները Տրապիզոնի մէջ եռակողմ հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումէն առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ հանդիպման առանցքները պիտի ըլլան շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, բարեկեցութեան եւ յառաջընթացին առնչուող հարցերը:

Հաղորդուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան կազի խողովակաշարի, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքը: Դռնփակ ձեւաչափով հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցաւ Տրապիզոնեան եռակողմ հռչակագիրը:

Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաւութօղլու յայտարարեց, որ «մենք յառաջիկայ երեք տարիներուն համար գործողութիւններու ծրագիր կը մշակենք»: Ան ընդգծեց, որ երեք երկիրները պիտի համագործակցին փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսաւ, որ Ազրպէյճան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանային ուժանիւթի ծրագիրներու զարգացման:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ իր կարգին յայտարարեց, որ եռակողմ համագործակցութեան այս ձեւաչափը որեւէ երրորդ երկրի դէմ ուղղուած չէ: «Այս հռչակագիրը կ՛ընդգծէ դրացի երկիրներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու մեր պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:

«Նոր ձեւաչափը ուղղուած չէ ոեւէ մէկու դէմ, այլ կը ծառայէ միայն մեր երկիրներու ռազմավարական շահերուն», նշեց Վրաստանի դիւանագիտութեան պետը: Ըստ անոր, այդ համաձայնագիրը կ՛ընդգծէ  ռազմավարական յարաբերութիւններու գոյութիւնը դրացի երկիրներուն միջեւ, որոնք արդէն իսկ տնտեսութեան մարզին մէջ շրջանային շարք մը նախագիծեր կ՛իրականացնեն:

«Մեր ռազմավարական համագործակցութեան աշխուժութիւն հաղորդելու որոշում որդեգրած ենք», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES