«Սուրիա Քայքայման Կամ Քաղաքացիական Պատերազմի Շեմին Է» Կ՛ըսէ Հէյկ

Ուիլիըմ Հէյկ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիա քայքայման կամ քաղաքացիական յարանուանական պատերազմի շեմին է»` աւելցնելով, որ «ուստի որեւէ բան չենք կրնար բացառել եւ չենք գիտեր, թէ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի զարգանան», սակայն (Սուրիոյ կացութիւնը) Լիպիոյ կացութեան չի նմանիր:

Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը աւելի 1990-ական թուականներու Պոսնիոյ կացութեան կը նմանի, որովհետեւ յարանուանական քաղաքացիական պատերազմի շեմին կը գտնուի, ուր դրացի գիւղերը փոխադարձ յարձակումներ կը գործեն եւ իրարու հետ կը կռուին:

Անդրադառնալով Մոսկուայի այն կեցուածքին, թէ իրենք դէմ են Դամասկոսի դէմ ուժի գործածութեան եւ Ռուսիա կ՛ողջունէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը, եթէ սուրիացիները իրենք ատոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն, Հէյկ ըսաւ, որ «մեր ուզածը ճիշդ այդ մէկն է, սակայն անոնք չեն կրնար իրենց ապագան որոշել, եթէ իրարու դէմ կը կռուին, եթէ անոնց մարմինները կը հրկիզուին եւ եթէ դէտերը կը սպաննուին»:

Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ տասնեակներով քուէյթցի քաղաքացիներ թրքական սահմանէն Սուրիա մուտք գործած են Սուրիական ազատ բանակին կողքին սուրիական բանակին դէմ սրբազան պատերազմի մասնակցելու համար: Քուէյթցի այդ քաղաքացիներուն ազգականները օրաթերթին յայտնած են, որ սէուտցի, ալճերիացի եւ փաքիստանցի մեծաթիւ խմբակներ կը պատրաստուին ճակատումին մասնակից դառնալու: Անոնք իրենց անձնագիրները Թուրքիոյ մէջ կը ձգեն եւ սուրիական կեղծ անձնագիրներով մուտք կը գործեն Սուրիա, որպէսզի չձերբակալուին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտնեց, որ Իսրայէլ սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՛առաջարկէ, ինչպէս նաեւ Յորդանան կամ այլ երկիրներ հասած վիրաւորներու դարմանում: Ան կասկած յայտնեց, որ Ասատի տապալումը Սուրիոյ տագնապը կը լուծէ` նշելով, որ սուրիացի ժողովուրդի տառապանքին վերջ դնել կարելի պիտի ըլլայ միայն միջազգային ուժերու աշխուժ միջամտութեամբ:

Իսրայէլի փոխվարչապետ Շաուլ Մոֆազ իր կարգին յայտնեց, որ Ասատ սուրիական յեղափոխութիւնը ճնշելու ընթացքին ցեղասպանութիւն գործած է, իսկ միջազգային ուժերը զայն դատապարտելով կը բաւարարուին` Ասատը տապալելու համար միջամտելու փոխարէն:

Մոֆազ Ռուսիան քննադատեց «Դամասկոսը զինելու» համար` պահանջելով Ասատը տապալելու համար Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցածին նման միջազգային զինուորական միջամտութիւն մը կատարել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով շաբաթ օր «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Մոսկուա Ասատի իշխանութենէն հեռանալու հարցը չէ քննարկած, իսկ եմէնեան դիպաշարի գործադրութիւնը կախեալ է սուրիացիներուն երկխօսութեան ընթացքին գոյացնելիք համաձայնութենէն: Ան նշեց, որ Մոսկուա տագնապի լուծման համար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու նախապայմանը չի ճշդեր` նշելով, որ այդ հարցը սուրիացիներուն որոշելիք հարցն է:

Պոկտանով նաեւ ընդգծեց, որ Սուրիական ազատ բանակը Անանի ծրագիրին ու ջանքերուն մահը չի կրնար գուժել` նշելով, որ Անանի ծրագիրը կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան վերջ տալուն հասնելու հիմնաքարը ըլլալ:

Նշենք, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը երէկ Պոլսոյ մէջ իր ժողովին ընթացքին ծագումով քիւրտ Ապտել Պասիթ Սիտան ընտրեց իբրեւ իր նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES