Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան ներկայացուցած իրենց նախաձեռնութիւնը դրական կերպով չընկալուէր, ապա իրենք հասած էին հրաժարելու հանգրուանին, որովհետեւ կառավարութեան կազմին մէջ իրենց տառապանքը շատ լուրջ էր:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կացութիւնը պիտի չբարելաւուի, այլ` պիտի ծագին իրերայաջորդ այլ հարցեր:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին նկատել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է վերադառնայ Լիբանան` հակակշիռի տակ առնելու համար Մուսթաքպալ հոսանքը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստէն խուսափիլ, նոյնիսկ եթէ այդ նիստը ապարդիւն դուրս գայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանը առանց կառավարութեան աւելի վտանգաւոր կացութեան մէջ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ ազգային երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը ապարդիւն դուրս պիտի գայ եւ կարելի չէ անկէ նուազագոյն արդիւնք մը յուսալ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենց երկրին ապահովութեան ու կայունութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը անկարելի է խզել:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է իսկական ապահովութիւն պարտադրել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ սուրիական հոգատարութեան շրջանին իրականացաւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը եւ անոնց միջեւ համայնքային բախումներու ու սպանութիւններու առիթ չտրուեցաւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ իրենց փրկութիւնը իրենց մօտ կը գտնուի եւ ոչ թէ օտարին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լիբանանեան որեւէ միջամտութիւն Լիբանանը կրնայ դէպի քաղաքացիական պատերազմ առաջնորդել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին զինուորապէս միջամուխ ըլլալու ոչ մէկ նպատակ ունին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները կ՛որդեգրուին միջազգային ընտանիքին կողմէ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ պիտի առնուի, իսկ խախտումները սահմանափակ են:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին պիտի կեդրոնանայ երկրին պետական պիւտճէի նախագիծը մշակելու վրայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները մերժած են յաւելուած արժէքի տուրքի յաւելումը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական ջոկատի հրամանատար Ֆիլիփ Ֆրանսուա յայտնեց, որ իրենք հարաւային Լիբանանի բնակչութեան հետ լաւ յարաբերութեան մէջ են:

