«Մայատին» Կայանը Այսօր Կը Միանայ Արբանեակային Պատկերասփիւռի Կայաններուն
Արաբական պատկերասփիւռի արբանեակային կայաններուն վրայ այսօր կ՛աւելնայ այլ կայան մը, որուն անունն է «Մայատին» եւ որուն ընդհանուր տնօրէնն է հանրածանօթ լրագրող Ղասսան պըն Ժըտտօ:
Կայանը իր պաշտօնական սփռումը պիտի սկսի այսօր` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին. անոր լուրերու առաջին հաղորդումը պիտի ըլլայ ժամ մը ետք` 3:00-ին, իսկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի սփռուի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հարցազրոյց մը:
Այս մանրամասնութիւնները Պըն Ժըտտօ փոխանցեց «Մայատին» կայանի սփռումի սկիզբը յայտարարելու յատուկ մամլոյ հանդիպումի մը ընթացքին:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ ուրբաթ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըն Ժըտտօ ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ «Մայատին»-ի կեդրոնը Պէյրութի մէջ է եւ այն իրականութիւնը, որ երկուշաբթի, 11 յունիսը յատկանշական է լիբանանցիներուն համար` Ազգային երկխօսութեան նիստին առիթով, ապա մենք որոշեցինք առաջին հարցազրոյցը ունենալ վարչապետ Միքաթիի հետ»:
Պըն Ժըտտօ յայտնեց, որ կայանին քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ չափաւորականութիւնն ու օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ հիմնական ուղեգիծը պիտի ըլլայ Պաղեստինը եւ արաբական դատը, որուն ծառայելու համար ոչ մէկ քարոզչութիւն եւ ճիգ պիտի խնայուի, ինչպէս նաեւ լայն եւ ամբողջական անդրադարձ պիտի կատարուի արաբական միասնականութիւնը երաշխաւորող իրականութիւններուն:
Ղասսան Պըն Ժըտտօ շեշտեց, որ կայանը որդեգրած է «իրականութիւնը ինչպէս որ է» կարգախօսը` աւելցնելով, որ լուրերու հաղորդումին կողքին` «Մայատին»-ը պիտի ունենայ շարք մը յայտագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն նորութիւններ, ինչպէս` քրիստոնեայ համայնքին յատուկ յայտագիր մը, արաբական տարբեր երկիրներու, յատկապէս Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաբերող:
Իր կարգին, լուրերու բաժանմունքի տնօրէն Սամի Քլէյպ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ արաբ ժողովուրդը կարիքը ունի լրագրական գարնան` մաղթելով, որ «Մայատին»-ը ըլլայ իրաւունքի կայանը եւ բոլորին, անխտիր բոլորին ձայնը լսելի դարձնող կայանը:
Քլէյպ յայտնեց, որ «Մայատին»-ը թեքնիք առումով արդիական նոր ձեւերով պիտի սփռէ իր հաղորդումները:


