Մանսուր Ընդունեց Թուրք Դեսպանը

Նախարար Մանսուր եւ Էօզեըլտըզ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Հալէպի մօտ առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:

Ան հաստատեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու ջանքերը` աւելցնելով, որ ինք յաւելեալ տեղեկութիւններ չունի անոնց մասին:

«Լիբանանցիները կրնան վստահ ըլլալ, որ թրքական իշխանութիւնները ներկայ են եւ յանձնառու կը մնան ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարենան դրական արդիւնքներու յանգիլ», ըսաւ Էօզեըլտըզ:

Թրիփոլի – Մերսին Ծովային Երթեւեկ

Միւս կողմէ, այսօր առաջին անգամ ըլլալով պիտի սկսի Լիբանանէն Թուրքիա ծովային երթեւեկը:

Լիբանանէն Թուրքիա փոխադրուող նաւերը Թրիփոլիի նաւահանգիստէն պիտի ուղղուին Մերսինի նաւահանգիստը:

Նշենք, որ ծովային երթուդարձի այս նախաձեռնութիւնը ստանձնած են փոխադրութեան երկու թրքական ընկերութիւններ, որոնք շաբաթը երկու անգամուան դրութեամբ պիտի կատարեն այս նաւագնացութիւնները:

Նշենք, որ ծովային այս երթեւեկին նպատակն է շրջանցել սուրիական հողերուն վրայ պատահելիք հաւանական դժուարութիւններն ու վտանգները:

 

Share this Article
CATEGORIES