Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Կիներու ազգային խորհուրդի նիստէն պահ մը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ, գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրիի:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը որոշեց ջանք թափել, որ բոլոր դրամատուները վաւերացնեն իրենց անչափահաս զաւակներուն անունով դրամատնային հաշիւ մը յառաջացնելու մայրերուն պահանջները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Կիներու ազգային խորհուրդը կոչ ուղղած է խորհրդարանին` արագացնելու կիներուն եւ երեխաներուն դէմ բռնարարքները դատապարտող օրինագիծի վաւերացումը:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը դրուատեց Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդին մէջ երկու կին դատաւորներուն նշանակումը, որուն իբրեւ արդիւնք այդ խորհուրդին ներկայիս մաս կը կազմեն երեք կին դատաւորներ:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը որոշեց նաեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ ստորագրել համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ կիներուն վերաբերեալ յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպել` առողջապահական, օրինական, տնտեսական թէ ծառայութիւններու մարզերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES