Զօր. Քահուաժի Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Զօր. Քահուաժի եւ միւֆթի Քապպանի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին` Մոհամետ Հասան Մերհեպի սպանութեան առիթով:

Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ այդ ցաւալի դէպքը պէտք է բոլորը իրենց պատասխանատուութիւններուն առջեւ դնէ, որովհետեւ երկիրը կարիքը ունի կայունութեան ազդակներու` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնը, իսկ ճշմարտութիւնը պէտք է իր ընթացքը ստանայ` հետաքննութեան արդիւնքներուն ընդմէջէն:

Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները ցուցանիշներ են, որ մենք վտանգի մէջ ենք: Ան ընդգծեց Տար Ֆաթուայի վստահութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ, որ պիտի արգիլէ արձանագրուելիք համայնքային թէ յարանուանական սադրանքները` երաշխաւորելով երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES