Պըրրի. «Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Կայացումը Երկրին Կացութիւնը 50 Առ Հարիւրով Պիտի Փոխէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացումով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը արդէն իսկ 50 առ հարիւրով պիտի փոխուի, իսկ լարուածութիւնը պիտի մեղմանայ:

Պըրրի ընդգծեց, որ 2006-ին ինքն էր, որ լիբանանցիները երկխօսութեան հրաւիրած էր եւ լիբանանեան միասնականութեամբ էր, որ կարելի եղաւ նոյն տարուան ընթացքին յաղթել Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծած Իսրայէլին:

«Մինչդեռ եթէ լիբանանցիները անտեսէին իրենց միասնականութիւնը եւ կառչած մնային իրենց համայնքայնութեան, յարանուանութեան, անձնասիրութեան եւ անձնական շահերուն, ապա ամբողջ երկիրը կը քանդուէր եւ լիբանանցիները կը պարտուէին», ըսաւ Պըրրի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES