Նախագահ Սլէյման Այսօր Կը Նախագահէ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Պատրաստ` Ազգային երկխօսութեան նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր նախագահական պալատին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին, որմէ պիտի բացակայի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:

Լիբանանեան ուժերու երեսփոխան Անթուան Զահրա երէկ հաստատեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քաղաքական պատճառներով կը մերժէ մաս կազմել Ազգային երկխօսութեան նիստին  եւ այդ պատճառով ալ կը մերժէ այդ նիստին նաեւ ներկայացուցիչով մասնակցիլ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ շաբաթ առաւօտեան նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը, որ իրեն ներկայացուց Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող պահանջագիր մը:

Պատուիրակութեան նախագահեցին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Անդրադառնալով Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութեան հարցին` Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ներկայացուցիչով պիտի մասնակցի Ազգային երկխօսութեան նիստին, ապա ինք եւս ներկայացուցիչով պիտի մասնակցի: «Ես երբեք ստիպուած չեմ Ժահժահի ներկայացուցիչին հետ սեղան նստելու, ո՛վ որ չի փափաքիր երկխօսութեան մասնակցիլ, ապա ներկայացուցիչ պէտք չէ ուղարկէ», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Share this Article
CATEGORIES