Բարգաւաճ Հայաստանը Պիտի Չսատարէ՞ Նախագահ Սարգսեանի Թեկնածութեան
Քաղաքական դաշտին մէջ հիմնական գաղտնի գործողութիւնը, ըստ էութեան, կը շարունակէ մնալ այն, թէ վերջաւորութեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի պահպանէ՞ համաձայնական կառավարութեան նախկին յուշագիրի այն կէտը, որուն համաձայն 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին պէտք է սատարէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան: Հարցին վերաբերեալ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատասխանատուները վերջին շրջանին հիմնականին մէջ կը խուսափին կանխատեսումներ ընելէ եւ կը նշեն, որ հարցը պէտք է ուղղել Բարգաւաճ Հայաստանին: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամներն ալ հիմնականին մէջ կը շրջանցեն հարցը եւ չեն պատասխաներ:
«Երկիր» փորձեց այս հարցումին պատասխանը ստանալ նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան համամասնական ցուցակով պատգամաւոր դարձած Վարդան Օսկանեանէն:
Ան նախ նշեց, որ հարցը սխալ ձեւակերպուած է, աւելին` անիմաստ է, ետքը աւելցուց. «Երբ դէպքի մը կը յաջորդէ ուրիշ դէպք մը, բնականաբար, պատասխանը արդէն պարզ պէտք է ըլլայ»:
Դիտարկման, թէ կարելի է, որ ուժը կորսնցուցած է նախկին համաձայնական կառավարութեան յուշագիրը ամբողջութեամբ, այդ պարագային` սատարելու հարցին վերաբերեալ կէտը, Օսկանեան այլեւս չպատասխանեց եւ ընդգծեց, որ հարցումին արդէն լիարժէք պատասխան տուած է:

