«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պէտք Է Ճշգրտումներ Կատարէ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Իր Ռազմավարութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան յայտարարեց, որ այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճան կոպտօրէն խախտեց զինադադարի դրութիւնը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է ճշգրտումներ կատարէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման իր ռազմավարութեան մէջ:
«Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի դրութիւնը, սպաննել հայ զինուորները, սակայն միաժամանակ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամ է: Ատիկա անհեթեթութիւն է: Միացեալ Նահանգներ պէտք է իրատեսական գնահատական տան իրադրութեան եւ փոխեն իրենց դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ, ինչ որ հաւանօրէն տեղի պիտի ունենայ», նշեց ան:
Ըստ Բաբայեանի, Միացեալ Նահանգներ պէտք է ճնշում գործադրեն Ազրպէյճանի վրայ, աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնեն զինադադարի պահպանման, որովհետեւ այլ առաջարկներ այս պահուն արդիական չեն: Բաբայեան յայտնեց, որ ոչ մէկ յարձակող, ոչ մէկ յանցագործ, տուեալ պարագային` Ազրպէյճանը, խնդրանքներուն, կոչերուն ականջալուր կ՛ըլլայ, հետեւաբար անոր հետ պէտք է խօսիլ ուժի լեզուով, իսկ ատիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ հայկական կողմի համապատասխան կարծր պատասխանը, թէ՛ միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պաքուի մէջ յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպման ընթացքին պիտի առաջարկուի տագնապի լուծման նոր մօտեցում:


