Արցախի Մէջ Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Ռալֆ Եիրիկեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին ընդունեց «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ հեռաձայնային կապի մարզի զարգացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց «Ղարաբաղ Թելեքոմ»-ի դերը Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ եւս ընկերութիւնը իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերէ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման:

Share this Article
CATEGORIES