«Սառեցուած Տագնապները Կրնան Լուրջ Բախումներու Սկիզբ Դառնալ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու տրապիզոնեան հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական սահմանային միջադէպերուն նշած է, որ սառեցուած տագնապները որեւէ վայրկեան կրնան լուրջ բախումներու սկիզբ դառնալ:

«Սառեցուած տագնապները ձգձգելու փոխարէն պէտք է անոնց լուծումը գտնել: Մենք միշտ սատարած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղուած ջանքերուն: Սակայն անհրաժեշտ արդիւնքին տակաւին չենք հասած: Թուրքիա միշտ յայտարարած է, որ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման կ՛աջակցի», ըսած է Տաւութօղլու:

Ան նաեւ Մինսքի խմբակին կոչ ուղղած է աւելի աշխուժ կերպով աշխատելու` սառեցուած տագնապներուն լուծումը գտնելու համար:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ յայտարարած է, որ ինք տեղեակ չէ սահմանային միջադէպերէն: «Ամէն մարդու մահ ողբերգութիւն է: Աստուած թող բոլորին հոգիները լուսաւորէ: Այդ իրադարձութիւնները մեր շրջանին համար վտանգ կը ներկայացնեն», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով իր կարգին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը սառեցուած չէ եւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վնաս կը հասցնէ: Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապը հարաւկովկասեան շրջանի ապագային համար վտանգ կը ներկայացնէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES