Տիգրան Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամներուն Հետ

Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաւէրով, 8 յունիսին տեղի ունեցած է հանդիպում` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամներուն հետ:

Վարչապետը Արմէն Ռուստամեանին, Աղուան Վարդանեանին, Արծուիկ Մինասեանին եւ Արմէն Բաբայեանին ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները: ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները խնդրած են կարելի եղածին չափ ամփոփ գիծերու մէջ իրենց ներկայացնել ծրագիրի նախագիծը` անոր ծանօթանալու նպատակով:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ի թղթակիցին յայտնած է, որ վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան ծրագրի հիմնական դրոյթները, որոնք կը վերաբերին արտահանման ուղղուած ռազմավարութեան, ընկերային եւ գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ կատարուելիք քայլերուն:

«Ի հարկէ, վարչապետի ներկայացրածը շատ համառօտ դրոյթներ էին, բայց, իմ տպաւորութեամբ, նոր բան չկար, կառավարութիւնը պատրաստւում է շարունակել իր որդեգրած քաղաքականութիւնը», ըսած է Վարդանեան` աւելցնելով, որ վարչապետը ըսած է, թէ մանրամասն ծանօթացած է Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին, եւ այնտեղ նկատած է դրոյթներ, որոնք իրեն համար ընդունելի են:

«Սակայն մենք շեշտեցինք, որ բովանդակային քննարկում չենք պատրաստւում ծաւալել: Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրն ամբողջական փաստաթուղթ է, եւ հնարաւոր չէ առանձին ինչ-որ բաժինների մասին խօսել», յայտնած է Վարդանեան:

Նախապէս վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Օրինաց երկիր կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու կառավարութեան ծրագիրի դրոյթները:

Share this Article
CATEGORIES