Սերժ Սարգսեան Հանոյի Մէջ Կը Հանդիպի Վիեթնամի Նախագահին
Պաշտօնական այցելութեամբ Վիեթնամ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 յունիսի առաւօտեան նախ այցելած է Զոհուած հերոսներու յուշարձան ու Հօ Շի Մինի դամբարան, ուր ծաղկեպսակներ դրած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է:
Վիեթնամի նախագահի նստավայրին մէջ, այնուհետեւ, տեղի ունեցած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Չիոնկ Դան Շանկի հանդիպումը, որուն յաջորդած է հայ-վիեթնամական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւնը: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն դիւանագիտական կամ պաշտօնական անձնագիրներ ունեցող անձերու մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը վերցնելը, Հայաստանի եւ Վիեթնամի կառավարութիւններուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական, գիտական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրները եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ու Վիեթնամի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին արձանագրութիւնը:
Ապա երկու երկիրներու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ` ամփոփելով բանակցութիւններուն արդիւնքները:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Չիոնկ Դան Շանկ ընդգծած են, որ Վիեթնամը եւ Հայաստանը աւանդական սերտ բարեկամական կապեր ու զարգացող քաղաքական երկխօսութիւն ունին, յաջողութեամբ կը համագործակցին միջազգային կազմակերպութիւններու մակարդակի վրայ, սակայն տնտեսական յարաբերութիւնները չեն համապատասխաներ հայ-վիեթնամական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին եւ առկայ ներուժին:
Հայաստանի եւ Վիեթնամի նախագահները տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման համար կարեւոր նկատած են իրաւապայմանագրային անհրաժեշտ դաշտի ստեղծումը: Անոնք նկատել տուած են, որ այս այցելութեան ծիրին մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերը այս գծով առնուած առաջին քայլերն են:
Համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ երկու երկիրներուն կողմէ միջկառավարական յանձնախումբեր կազմել` աւելի գործնականի վերածելու տարբեր մարզերու մէջ հայ-վիեթնամական համագործակցութիւնը:
Նախագահները ընդգծած են, որ Հայաստան եւ Վիեթնամ ունին յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու քաղաքական կամք, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան կողքին լաւ հիմք պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ կապերը ամրապնդելու: Այդ նպատակով, նախագահները կարեւոր նկատած են նաեւ երկու երկիրներուն մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հիմնումը:
Վիեթնամի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` իր երկրին համար դժուարին ժամանակներուն` խորհրդային տարիներուն, Վիեթնամին նկատմամբ ցուցաբերուած օգնութեան, ինչպէս նաեւ հայաստանեան համալսարաններուն մէջ վիեթնամցի բազմաթիւ ուսանողներու համար պատշաճ կրթութեան ապահովման համար: Նախագահ Չիոնկ Դան Շանկի հաւաստիացումով, այդ համալսարաններու շրջանաւարտներէն շատերը վերադառնալով Վիեթնամ, մեծ ներդրում ունեցած են երկրի վերականգնման ու զարգացման գործին մէջ եւ այժմ ալ կը շարունակեն իրենց գիտելիքներով ու փորձառութեամբ օգտակար ըլլալ Վիեթնամին:


