Անգարա Կը Հաստատէ, Որ Հայաստանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Թուրքիա Հրաւիրուած Են
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատած է, որ 26 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին նախագահի մակարդակով հրաւէր ուղարկուած է Հայաստանի:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուցած է, որ Հայաստանը կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն է եւ Երեւանի մասնակցութիւնը բնական է: «Մենք նախագահի մակարդակով հրաւէր ուղարկած ենք եւ բարձր մակարդակով մասնակցութիւն կ՛ակնկալենք», նշած է ան:
Նշենք, որ նախապէս թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Անգարա Հայաստանի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրը արդէն ուղարկած է, պատասխանի կը սպասէ եւ դրական պատասխան կ՛ակնկալէ:
CATEGORIES Հայկական

