50 Տարի Առաջ ( 12 Յունիս 1962 )

Մայիս 28-Ի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը
Կիպրոսի Մէջ

 

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-Ի)

Այս տարի եւս կիպրահայութիւնը փառաշուք հանդիսութեամբ մը նշեց հանրապետութեան 44-րդ տարեդարձը: Կիրակի, յունիս 3-ի առաւօտ Նիկոսիոյ մեծագոյն սրահը` «Փալլաս» լեցուած էր: Ուրախալի էր, որ հանդիսականներու մեծագոյն տոկոսը կը կազմէր մեր երիտասարդութիւնը:

Հանդէսը բացուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»-ով, որ նուագուեցաւ Կիպրոսի ոստիկանութեան նուագախումբին կողմէ:

Բացման խօսքը ըրաւ Հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Անանիա Մահտեսեան, որ ի մէջ այլոց ըսաւ.

«Ֆրանսացի մեծանուն բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկօ կ՛ըսէ, որ ազատութիւնը հրաշալի անդունդ մըն է, որ դէպի իրեն կը քաշէ մարդը:

«Մենք այդ անդունդը, այդ ազատութիւնը պաշտողներէն ենք, ինչպէս որ վստահ ենք, որ մեր հայրենիքի զաւակները, թէեւ լուռ ու անխօս, սակայն մեզի պէս ու մեզի չափ կը պաշտեն այդ ազատութիւնը:

«Ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել արդեօք այն անչափելի սէրն ու պաշտամունքը, որ ունինք դէպի մեր հայրենիքը:

«Թերեւս Սողոմոն Իմաստունին կապուած դրուագ մը օգնէ մեզի ընելու այս բնորոշումը:

«Լսած էք բոլորդ, որ օր մը երկու կին կը ներկայանան Սողոմոն Իմաստունին եւ մանուկ մը ներկայացնելով` իւրաքանչիւրը կը յայտարարէ, թէ մանուկը իրն է, թէ` ինքն է հարազատ մայրը մանուկին:

«Անհնար կ՛ըլլայ ստուգել ինքնութիւնը իրական մօր:

«Վերջապէս, Սողոմոն Իմաստուն կը հրամայէ, որ կանչուի դահիճը եւ իր սուրով կիսէ մանուկը, որպէսզի ամէն մէկ կնոջ մանուկէն կէս մը տրուի:

«Ասոր վրայ կիներէն մէկը ծունկի կը նետուի Սողոմոն Իմաստունին առջեւ ու կը բացագանչէ.

«Հոգ չէ, թող անորը ըլլայ զաւակս, միայն թէ մի՛ կիսէք, մի՛ սպաննէք»:

«Եւ Սողոմոն Իմաստուն այս կնոջը մատնանշելով` կ՛ըսէ. Մանուկը ասոր տուէք, ա՛յս կինն է իսկական, հարազատ մայրը»:

«Եթէ օր մը սեւ ամպ մը իջնէ մեր հայրենիքի վրայ, մենք` ազատատենչ հայերս պիտի պոռանք. «Թոյլ տուէք, որ ազատ ու խաղաղ ապրի ան, թէկուզ այդ ըլլայ մեր արեան, մեր զրկանքի գնով, թէկուզ մենք խորթ նկատուինք անոր»:

«Այնքան ատեն որ չէ լուծուած Հայ դատը ու չէ դարմանուած հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած անարդարութիւնը, մենք` ազատատենչ հայերս, պիտի մնանք պատնէշին վրայ:

«Պիտի մնանք այդ պատնէշին վրայ, մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ ամբողջ հայ ժողովուրդի յաւիտենական իտէալը.

Ամբողջական հայ ժողովուրդ:

Ամբողջական հայ հողի վրայ»:

Հանդէսը ունէր ճոխ գեղարուեստական բաժին, Խաչիկ Արարատեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր այս հանդէսին համար, իր հոյակապ արտասանութիւններով մեզ տարաւ ֆետայիներու բոյնը, բարձրաբերդ լեռները, եւ գնահատուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով:

Մարիձա Նաւասարդեան խոր ապրումով արտասանեց Ա. Ահարոնեանի «Յարգանք քեզը»:

Նուագախումբը մէջընդմէջ նուագեց համաշխարհային արժէք ներկայացնող կտորներ` խանդավառելով ներկաները:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ծանօթ երիտասարդ հրապարակագիր Բեգլար Նաւասարդեան, որ խօսեցաւ հոյակապ եւ պատմական արժէք ներկայացնող ճառ մը, որուն ամփոփումը պիտի տանք առանձին:

Հանդէսը փակուեցաւ ընդհանուրի խանդավառութեան մէջ «Յառաջ, նահատակ»-ով նուագախումբի կողմէ:

* * *

Լառնաքայի մէջ մայիս 28-ը տօնուեցաւ երկուշաբթի, յունիս 4-ին, Հայ ակումբի սրահին մէջ:

Հանդէսը բացուեցաւ տեղւոյն թեմական ժողովի եռանդուն անդամներէն Յակոբ Սարաֆեանին կողմէ, որ ըսաւ ի մէջ այլոց:

«Հոս հաւաքուած ենք տօնելու Հայաստանի անկախութեան 44-րդ տարեդարձը: Այս տօնը 44 տարիներէ ի վեր կը տօնուի արտասահմանի ազատատենչ հայութեան կողմէ` վերյիշելու համար հայ ժողովուրդին պահանջը` իր գրաւած հողերուն նկատմամբ:

«Մայիս 28 հայութեան յարութեան տօնն է: Դժբախտաբար կարճ եղաւ մեր անկախութիւնը, եւ Հայաստան կրկին մտաւ օտար լուծի տակ:

«Կարգ մը մարդիկ կ՛ամբաստանեն մեզ, թէ Հայաստանը չենք սիրեր, երբ կը տօնենք մայիս 28-ը, կամ երբ կը պանծացնենք եռագոյնը: Սակայն վստահ եղէք, այսօր ներգաղթ կազմակերպելու համար Կիպրոս եկող պատուիրակները պիտի չկարենային ներգաղթող գտնել, եթէ այդ տօնակատարութիւնները չըլլային:

«45 տարուան ստրկութենէ ետք ազատութեան գաղափարը այսօր աւելի ուժեղ է Հայաստանի մէջ, քան` արտասահմանի մէջ»:

Լառնաքայի մէջ եւս գործադրութեան դրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Արտասանեցին Խաչիկ Արարատեան եւ Մ. Նաւասարդեան:

Հոս եւս բանախօսեց Բեգլար Նաւասարդեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES