Սեդա Գրիգորեանի «Հայուհիի Մը Օրագրէն» Գիրքը (Անթիլիաս – 2011)

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ – ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այս գիրքը յուզեց հոգիս ու միտքս` հաստատելով իր վաւերականութեան կնիքը: Այս օրերուս, երբ սփիւռքի մէջ տպուած քիչ գիրքեր կրնան դպչիլ մեր մտքին, ջիղերուն ու գոհացնել արուեստի շող փնտռող մեր ճաշակը, այս գիրքը երկու օր ապրեցուց զիս իր հոգիին տան մէջ, ուր հարազատ էի եւ ոչ` հիւր:

Մեր յոյզը, ապրումը, տագնապն ու յոյսը ե՞րբ կը դառնան ուրիշինը. երբ գրողը կը դառնայ «ժամանակի շունչը», երբ կը սեւեռէ ընդհանրականը, երբ դիտող չէ սոսկ, այլ` տեսնող, խորքայինը զատելու հոտառութիւն ունեցող, երբ ճակտին ստացած է վերին համբոյրը, երբ վերաթռիչ է հոգին ու իրեն հետ դէպի լոյս կը տանի հոգիները:

Սեդա Գրիգորեանի «Հայուհիի մը օրագրէն» գիրքին (Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հիմնադրամ- թիւ 9, Անթիլիաս, 2011) 200 էջերուն վրայ «հեղինակը կ՛ապրի իր անձնական կեանքէն փրցուած հանգրուաններ…», բայց կը յաջողի իր ապրում-այրումին ջերմութեան մէջ առնել ընթերցողը:

Անկեղծ խօսքի ուժը, տեսածն ու ապրածը հրաշալի հայերէնով թուղթին փոխանցելու կարողութիւնը, ծանօթ իրականութիւններուն անձնական մտքի ու յոյզի շեշտադրումը գիրքը կը դարձնեն մեր ապրած օրերու հայելին:

Ես զայն վերլուծելու եւ արժեւորելու չեմ ելած, այլ միասնաբար զայն թերթատելու, կրկին խորհրդածելու այն բազմաբնոյթ ու անժամանցելի հարցերուն շուրջ, որոնք արծարծուած են հեղինակին կողմէ:

Գիրքը կը բաղկանայ պատմուածքներու եւ հրապարակագրութեան բաժիններէ, ուր պատմուածքները յաճախ յուշագրութեան ու յօդուածները գեղարուեստական երկի դրոշմ ունին, ուր միշտ իր տաք սրտով, սթափ մտքով, խորհելու մղող սեւեռումներով ու տագնապներով  ներկայութիւն է գրագիտուհին:

Գիրքը բացող առաջին պատմուածքը` «Հայրիկը», օրըստօրէ մարդկային կեանքը աւելի ցնցող իրականութեան մէկ երեսին` գիտութեան յառաջընթացի դրական եւ ժխտական երեսներուն, այդ յառաջընթացին տակ ճզմուող մարդկային ողբերգութիւններուն, նոյն ատեն` ժամանակի ու յաւերժութեան առեղծուածին առջեւ մարդկային կեանքի վերուվայր ընթացքին կ՛անդրադառնայ: Իւրաքանչիւրիս առջեւ, անակնկալ կամ ընկալուած, կը սպասէ այդ ցնցումը` բիրտ բաժանումը: Բոլորիս համար ալ ժամացոյցը պիտի հնչէ մայրամուտի զանգերը, ու ժամանակը զմեզ ալ պիտի քաշէ «դէպի նե՜րս, նե՜րս, դէպի պահարանը, դէպի «անգործներու տուն»-ը…»:

Ուսանողի իր հանգամանքով Սեդան կը ծանօթանայ Հայաստանի բնակիչներու ներքին կեանքին, ապա Հայաստանի դժուարին օրերու ընթացքին իր ամբարած տեղեկութիւններն ու ձեռք ձգած ծանօթութիւնը ան կը խտացնէ «Ամալիա ծոծան» վիպակին մէջ` իբրեւ ապրուած յուշագրութիւն, մարդկային եւ ազգային զոյգ մակարդակներու վրայ:

Հայաստանցի միջին, քաղքենի խաւի այս «ծոծա»ն (ռուս. հօրքուր, մօրքուր), թէեւ ունի մտաւորական պատրաստութիւն, կը հիանայ Հեմինկուէյով ու Շանթով, սակայն կը խօսի շուկայիկ հայերէնով (ինչ որ, դժբախտաբար, բացառիկ երեւոյթ չէ հայաստանցի «մտաւորականներու» մէջ – Լ. Մ.): Հայաստանցի (խորհրդային) մարդու այս տիպարը, որ շատ «տաք ու պաղ» տեսեր, շատ բաներ ինքնուրոյնաբար գլուխ հաներ, ճկուեր, յարմարեր ու պայքարեր է այդ իրականութեան մէջ իր տեղը հաստատելու համար, ու, թէեւ կորսնցուցեր է իր զուտ հայեցիութեան դրոշմը, իր բարոյական ըմբռնումներու մէջ կաշկանդումներէ «ազատագրուեր» է, այսուհանդերձ, պահեր է մարդկային գիծերը: Հեղինակը հոս նրբօրէն կ՛ակնարկէ նաեւ սփիւռքեան (դասական) ու հայաստանեան բարոյական ըմբռնումներու տարբերութեան` առանց գնահատական տալու: Պատումը վեր կը հանէ նաեւ ծեր ու անգործ Ամալիա ծոծային շարժիչ ուժը` կնոջական հետաքրքրասիրութիւնը, որուն եւ, դժբախտաբար, զոհ կ՛երթայ նոյնինքն պառաւը:

Արցախը, իր անօրինակ հերոսամարտով ու հողին ամուր փակած իր զուսպ ու քաջարի ժողովուրդով, ներկայութիւն է գիրքին մէջ` թէ՛ պատմուածքի ձեւով («Արցախից հաց Հայաստանին», «Ղարաբաղիկ» մը` Երեւանի ծոցին մէջ», «Ճառը»), թէ՛ յօդուածներու, արդիւնք` այդ հողին հետ անմիջական շփումներու:

Հայոց ճակատագիրը արաբական աշխարհի մէջ… Հին ու լայնածաւալ նիւթ, որ գիրքեր լեցուցած ու դեռ կը շարունակէ նորօրեայ պատկերներ սեւեռել ու մեր սիրտը սեղմած` մեր հայեացքը յառել ապագայի անորոշութեան: Բանտ` աշխարհի մէջ աքսորական հայ տղու համար, բանտ` նոյնիսկ սիրելի ծննդավայր-երկիրդ, որ հանապազօրեայ հացդ կ՛ապահովէ, որուն կու տաս մտքիդ թռիչքը, հոգւոյդ ջերմութիւնն ու ճարտարութիւնը բազուկիդ, սակայն օր մըն ալ կը մեկնիս ճամպրուկը ձեռքիդ, կամ կը ճողոպրիս հայեացքդ ետին` քանի մը սերունդ ստեղծածիդ մոխիրներուն, եւ կամ այսպէս` սփիւռքին մէջ` սփիւռք, կը խոշտանգուիս բանտին մէջ, որպէս քեզի «չվերաբերող» խաղերու զոհ («Բանտարկեալին երազը»):

Լիբանանեան պատերազմի մղձաւանջի օրերու «պատկերազարդ պատմութիւն» է «Անէծքը» պատմուածքը, ուր գերքաղաքականացած մթնոլորտի մէջ ներկայ են տոհմիկ կնիքը իրենց ճակտին կրող հայորդիներ` «պատերազմական թոհուբոհի առաջին գիծին վրայ իրենց անձը զոհելու պատրաստ, յանուն շրջանի բնակչութեան ապահովութեան», պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսալու ելած` թաղի թեթեւամիտ աղջիկներու շրջապատին մէջ` «որ մենք հերոս» ներկայացող արուներ, ամենաթողութեան մէջ` «անսանձ կիրք»-երու յորձանքը նետուող «երիտասարդական հրայրք», ու բոլոր գոյները հայոց թաղերուն, ու մտահոգութիւնները աւուր հացի, ու «ճամպրուկային հոգեբանութիւնը» հայուն:

***

Սեդա Գրիգորեանի ներաշխարհին գոյները, հոգիին աշխարհագրութիւնը առաւել որոշակի ու առինքնող կերպով կը պարզուին հրապարակագրական էջերուն մէջ: Թէեւ յօդուածները թուագրուած են 1988-2011, սակայն կը հպին այսօրուան ընթերցողի մտքին ու հոգւոյն` այսօրուան մտահոգութեանց ծիրէն ներս:

Հրապարակագրութիւնը, որ կոչուած է առաւելաբար օրուան հրատապ խնդիրներուն արձագանգելու եւ գրական երկի մը պէս` դէպի ապագան թռիչք առնելու պարտաւորութիւնը չունի, Սեդային էջերուն մէջ, սակայն, իր կարեւոր մէկ մասով, կը նկատուի իբրեւ մեր այսօրը ներկայացնող, գրական տարրերով յագեցած խնդիր: Հրապարակագրութեան  այժմէականութիւնը ապահովող պայմանները, իմ համեստ կարծիքով, երկուք են. առաջին` գրական-գեղարուեստական տարրի առկայութիւնը` հեղինակային յուզական ներկայութիւն, տիպար ստեղծելու կարողութիւն, պատկերաւոր լեզու, երկրորդ` յառաջ քաշած հարցերու յամեցող ու կարծես տակաւ խորացող, հաստատուող, քայքայիչ իրականութիւնը: Մեր ձեռք ձգած յառաջդիմութեան համար ուրախութիւնը խի՜ստ պակասաւոր է, եւ մեր տակաւ մղկտացող վէրքերու ու չլուծուած հարցերու համար` ցաւը իշխող, երբ մեր ներուժի չնչին մասը միայն կրնանք ներդրել այդ հարցերը լուծելու ի խնդիր,  սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ:

Հրապարակագրութեան բաժինը բացող առաջին յօդուածը` «Բառը» (յօդուա՞ծ, թէ՞ ձօն – Լ.Մ.) հեղինակին էութեան վրայ իշխող` մայրենիին հանդէպ խնկարկումի հասած սէրն է, գիտակցուած պաշտամունք` ծնունդ առած տակաւին ուսանողական նստարաններէն:

«Բառը աշխարհ է», կը յուշէր Թումանեան, կը յորդորէր ճիշդ ընտրել, տեղին գործածել, չշռայլել, տալ անոր իր ամբողջական կշիռը: Այս թելադրանքն է, որ արարումի յուզական մթնոլորտին մէջ,  բառերու նրբերանգներու առջեւ ժամերով թրթռացուցեր է պարմանուհի բանաստեղծուհին` Սեդան, հուսկ ապա յորդեր է գիւտին բերկրանքը. «Այո՜, անշո՜ւշտ, հորիզոնը կը շիկնի՛ գրգանքներէն արեւին…»:

Երանի՜ անոր, որ գիտէ ու կրնայ խորանալ բառերու անծիր ու առեղծուածային անտառներու մէջ, ունկնդիր ըլլալ անոնց շշուկներուն ու լռութեան…

Յօդուածներու  հիմնական առանցքը «Կարթագէնի գրաւումն է»` անոնք, որքան ալ բազմերանգ, սակայն հիմնական նոյն առանցքին շուրջ կը դառնան, որ սփիւռքի  եւ Հայաստանի տակաւին լուծում ակնկալող հարցերն են ու սփիւռք-հայրենիք պաշտօնական ու անձնական յարաբերութիւնները: Սա այն տարածքն է, ուր յաճախ հայօրէ՛ն կը  դրսեւորուի գրող մը, թէկուզ եւ կը զգայ իր մէջ ստեղծագործական առաւել լայն շնորհ: Իր միտքն ու հոգին ոսկիէ շղթաներով կը կապէ այս` Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած կոչումին ու լուծին:

Սեդան Նոր Զելանտայի փարթամ կանաչով սքանչելի բնութեան մէջ ալ «դատապարտուած է» Հայաստան փնտռելու, «քաղցրանուշ մայրենիի այրումը» զգալու, ապա` դառնալ ու այն անողոք իրականութեան, որ կը կոչուի «Հայ ոգիի պարտութիւն»` օտարութեան սա հայակուլ ափերուն…» («Սրտբաց զրոյց` Նոր Զելանտայի ափերէն»):

Տաք սիրտով հայուհին տակաւին որքա՜ն անգամներ ու աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ պիտի լսէ իր հաւատամքը նսեմացնող, անոր վրայ «բռնազբօսիկ խնդուք» ձգող հայեր… Բռնազբօսիկ, քանզի հայ ծնածը, որքան ալ որ ֆրանսացիէ աւելի ֆրանսացի ու ռուսէն աւելի ռուս ըլլալ ջանայ, իր հոգիին խորքերէն պիտի լսէ նախնեաց հայաբոյր կանչը ու բռնազբօսիկ խնդուքին տակ ծածկել պիտի փորձէ դասալիքի այրող գիտակցութիւնը («Հայութիւնը հոպի է»):

Որքա՜ն խօսուն է Սեդային տագնապը ամերիկեան մայրցամաքի մէջ հայութենէ հեռացող հայերուն ի տես (հայ ուսուցիչին տագնապը նոյնիսկ Մերձաւոր Արեւելքի մեր ամենահայախօս գաղութներէն ներս), երբ հայր- մայրով հայ զաւակներ կ՛անտեսեն, կը խորթանան մայրենիէն, «աւելորդ լեզու է», «հայերէնը ի՜նչ պիտի ընեմ», ու այլ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններով «կը պատուեն» մայրենին` իբրեւ իրենց վերաբերմունքի սնուցիչ աղբիւր ունենալով հայերէնը «բեռ» հաշուող հա՜յ մայրեր… Հայերէնը իր հոգիին ու արիւնին հետ բաշխող հայ ուսուցիչը Լորայո՞վ թող մխիթարուի, որուն օտա՛ր հայրը, օտա՛ր երկրի մէջ, իր դուստրը հայոց վարժարան ղրկած է, «որպէսզի ես մօրս պէս հայ մեծնամ» («National Geographic-ի նոր թիւը եւ Լորան»):

Դեռ կան` զաւակը հայ դպրոց ղրկելը զոհողութիւն ու իրենց` ազգին համար ըրածը իբրեւ շնորհ բարձրաձայնողներ, այդ դիրքերէն` ուսուցչուհիին «սխալները» շտկել յաւակնող («Հակադիր բեւեռներ») ու դեռ (իմ կողմէս յաւելեմ – Լ. Մ.) զաւակը հայ դպրոցէն հանելու սպառնալիքը ուսուցիչ-տնօրէնի գլխուն դամոկլեան սուրի պէս ճօճող հայ մայրիկներ…

Յո՞ երթաս, հա՛յ ժողովուրդ…

***

«Նամակ առ ընթերցողս». այս կտորը ալեկոծեց զիս մինչեւ հոգիիս խորքերը: Շահնուրի «Նահանջ»-ի Սուրէնը յիշեցի` առանց ուղղակի առնչութիւններու մասին խորհելու:

Յաճախ ժպիտին տակ անթեղուած, երբեմն ալ ճիչով մը պոռթկացող, շատրուանող ցաւն է հայ գրողին` ի դիմաց հայու անբանութեան, սեփական արժէքները անտեսող, նուաստացնող, յաճախ ալ լռութեան դատապարտող տարերքին: Որքա՜ն տուայտանք ապրած են Թումանեան ու Րաֆֆի, Մեծարենց ու Չարենց…, երբ միջակութեան ճահիճին մէջ «լողացող» մարդիկ սորվեցնելու, շտկելու դեր ստանձնած են ու դեռ, նուաստացնելով, իրենց չափանիշներով դատած են տաղանդներու մասին: «Հի՜ն պատմութիւն է», պիտի ըսէր Թումանեան, որ սակայն հայ կեանքէն ներս յաւերժանալու ախորժակներ կը պարզէ ցարդ:

Առանց նախանձի ճղճիմ վիհերը իջնելու, սակայն կը սրդողի «մտածումին թովիչ փայլքը» զգացող ու «ցեղին լինելութիւնը քանդակող» նախնեաց ժառանգորդը կոչուած ըլլալը ինքնագիտակցող գրողը, երբ կը տեսնէ «մեր առօրեան աղմուկով լեցնող, արուեստական յուզումներով խճճող անտակներու բարբաջանքը… բառակոյտի մէջ խեղդուող, բայց հայրերու թէ ճեմարաններու անուններով հպարտացող, Հայաստանի մէջ գրախօսականներ գնող մերօրեայ «բանաստեղծներուն» անքերթուած տողերը» ի յարգի…

Չափազանցումէ զերծ այս պատկերին մէկ սոսկալի դրսեւորումին ականջալուր եղած եմ: Անպայման «գրագիտուհի»-ի թիկնոցը իր ուսերուն անցընել փափաքող տիկին մը զիս սահմռկեցուց իր յայտարարութեամբ, թէ հայրենի այսինչ գրողը (անուանի՜) իրեն ըսած է` «Գրութիւններդ Տոստոեւսկու շունչը ունեն»: Հաւանաբար յարգարժան գրողը ըսել ուզած էր` «Մեծ հաճոյքով կը գրկէի քեզ», սակայն լեզուն սայթաքած էր, ինչպէս յաճախ կը պատահի ոմանց հետ … տակաւին:

Սեդան նման մեծ յաւակնութիւններ չունի, այլ սեփական ուժերու ճիշդ գնահատութիւն` առանց կեղծ համեստութեան: Բայց ան շատ լաւ զգացեր է, թէ մենք ինչե՜ր «գիտենք ընել հայ գրողին», ապրեր է «մութը եւ անյուսութիւնը» հայ գրողին, երբ անդին կը փառաբանուին ու կը պարգեւատրուին անքանքար աղմկարարներ: Ու Սեդան հայ գիրին փարած ուրիշներու տագնապին արձագանգը կը դառնայ, երբ կը մրմնջէ. «Իմ կարելիութիւններուս խամրումին դողը կը պատէ զիս դաժանօրէն…»:

Նման պատկեր, արդէն առաւել ընդհանրական, կը պարզէ «Քսան օրինակ, խնդրեմ» յօդուածը: Մեր օրերու մամուլի աշխատողներու հաւատքով նուիրումին հակառակ` տակաւ կը պակսի անոր հասնիլը տաք հացի պէս սպասող երբեմնի ընթերցողներուն թիւը: Տեղեկատուութեան այս տարափին ու հայ մարդու անտարբերութեան, հեռացումին պատճառով թերթերուն օրինակները կը մնան չբացուած` ցաւ պատճառելով անոնց լոյս աշխարհ գալու համար հեւիհեւ աշխատողներուն: Ու յանկարծ հայուհիի մը «անսովոր» խնդրանքը` քսան օրինակ թերթէն… քանզի իր թոռնիկին ստորագրութիւնը կար հոն: Որքան ալ որ հեղինակը մխիթարուիլ փորձէ այս եզակի դէպքով, յուսալով թէ քսան ընտանիքներ զինուորագրուեցան մեր լեզուին, դատին, գոյապայքարին, բայց քսան ընտանիքով կը կազմուի՞ բռունցքը: Կ՛ուզէի կիսել իր լաւատեսութիւնը…

***

… Մենք առաջին ազգերէն մէկն ենք, որ տպագրութեամբ հետաքրքրուեցաւ ու աշխարհի ծայրերը գիրք ու թերթ հրատարակեց` իր աւուր հացէն կտրելով…

Վերջին յօդուածները Հայաստանի հետ կապուած մտորումներ, խանդավառող ու «չըլլալիք» դէպքեր ու անոնց անդրադարձն են սփիւռքահայու հոգիէն ներս: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն յատկապէս երկու կտորներ` «Իսթանպուլը…» եւ «Սրտբաց զրոյց…»-ը, առաջինը` իր թելադրականութեամբ, երկրորդը` հայկական չմարող ռոմանթիզմով:

Անկախութեան առաջին տարիներուն հայրենի կարգ մը գործիչներ դէմ կ՛արտայայտուէին` դպրոցներէն ներս Եղեռնի նիւթը դասաւանդելու գաղափարին` պատճառաբանելով մանուկներու հոգեբանական ճնշուածութիւնը: Նման մանկավարժութեան ետին թաքնուած միտքը այն օրերուն դժուար չէր գուշակել, բայց որ արդէն սփիւռքի մէջ ալ դիրքերը լքած, հայութենէ պարպուած ու ինչ-ինչ մանր շահերու հետամուտ հոգիներ կը ջանան իրենց ու իրենց զաւակներու անտեղեակութիւնը արդարացնել այդ «մանկավարժութեամբ», ակամայ կը յիշես ստրուկին նուիրուածութիւնը իր տիրոջ ու զոհին սէրը իր ոճրագործին հանդէպ. հիւանդագին հոգեբանութիւն: Սեդային հերոսը` Արցախցի նախկին ազատամարտիկ-բանաստեղծը թօթափած է կարգ մը հայերու «մարդասիրութիւնը» (քանզի մարդասիրութիւնը մարդո՛ւն ուղղուած պէտք է ըլլայ…) ու իր հնգամեայ որդին` Մաւօ-Մանուէլը կը կրթէ գայլերու մէջ գառնուկ չմնալու իմաստութեամբ:

Երկրորդը, որ բաց նամակ է` ուղղուած Հիլըրի Քլինթընին, զիս կը հիացնէ իր երբեք չմարող հաւատքով, երբեք չաղարտուող մարդկայնութեամբ: Որքան ալ որ հեղինակը դառն կշտամբանքներ ուղղէ «տիկնոջ», ան (ու մենք` ազգովին) կը մնայ հոգիին խորքը հաւատացող, թէ, ի՞նչ իմանաս, քաղաքական գործիչը նոյնպէս մարդ է ու կրնայ յանկարծ անդրադառնալ Հայոց Ցաւը իրեն խաղալիք ըրած ըլլալու ստորութեան, տխրիլ, որ մենք զինք տգե՜ղ կը տեսնենք… Հայօրէն հրաշք յուսալը չէ՞ արդեօք մեր գոյատեւումին մեծ գաղտնիքը:

Այդ նոյն հրաշքին սպասումով կը միանամ Սեդային ու աշխարհով մէկ կը տարածեմ իր գրքին միտք բանին խտացնող սա խօսքերուն ղօղանջը.

«Ա՛յս է մեր եզերքը, հայութեան վախճանակէտը, մեզ տուն կանչող միակ փարոսը, մեր Մայր Հայաստա՜նը»…

 

Share this Article
CATEGORIES