Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ամառնային Ռելիի Տիտղոսին

PROFOTO

Նախորդ շաբաթավերջին Ժեզզինի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ամառնային առաջին ռելին` կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին:

Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալիի եւ անոր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի համար այս ռելիին տիրանալը այդքան ալ դիւրին չեղաւ, որովհետեւ ան շատ քիչ տարբերութեամբ գերազանցեց իր եղբայրը` Ապտօ Ֆըղալին, որ իր օգնականին` Ալեն Ժարի հետ հանդիսացաւ երկրորդ:

Ռոժէ արձանագրեց 44′ 40″ 2 արդիւնք մը, մինչ Ապտօ` 44′ 41″ 1 արդիւնք մը:

Երրորդ դիրքը գրաւեց Ժիլպեր Պաննութ, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Քըմիտի հետ արձանագրեց 46′ 41″ 60 արդիւնք մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ երեսփոխան Զիատ Ասուատի, Ժեզզինի քաղաքապետ Ուալիտ Հըլուի եւ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն:

Share this Article
CATEGORIES