2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան Կը Պատրաստուի Հարաւային Քորէայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Վաղուան Մրցումին

Երէկ` կիրակի, 10 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Սէուլի մօտ գտնուող Կուիեանկ քաղաքին մէջ յատուկ փորձեր կատարեց` պատրաստուելու համար վաղը Հարաւային Քորէայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուելիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նշենք, որ մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը ուրբաթ, 8 յունիսին, Ուզպեքիստանի դէմ իր կատարած մրցումէն ետք անմիջապէս մեկնեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ Տոհայի (Քաթար) ճամբով բաւական երկար ճամբորդութենէ մը ետք ժամանեց Հարաւային Քորէա:

Նշենք, որ Լիբանանի պատուիրակութիւնը այժմ իջեւանած է «Մայ Ֆիլտ» պանդոկ-համալիրին մէջ, ուր անցեալին իջեւանած էր, երբ Գ. հանգրուանին դարձեալ իր դէմ ունեցած էր Հարաւային Քորէան:

Երէկուան փորձերը հսկողութեամբ եւ գլխաւորութեամբ գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըրի, տեւեցին մէկ ժամ (առաջին բաժինը): Ապա տեղի ունեցան երկրորդ հանգրուանի փորձերը, որոնք դարձեալ տեւեցին շուրջ մէկ ժամ:

Նշենք, որ այսօր երկու կազմերուն մարզիչները պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, նոյն այն դաշտին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ վաղուան մրցումը եւ կրնայ հիւրընկալել 40 հազար համակիր:

 

Share this Article
CATEGORIES