Եուրօ-2012. Դանիա Անակնկալի Բերաւ Հոլանտան Եւ Յաղթեց` Նուազագոյն Հաշիւով. Իտալիա Եւ Սպանիա Բաժնուեցան Հաւասարութեամբ. Գերմանիա Եւ Խրուաթիա` Յաղթական
Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2-րդ եւ 3-րդ օրը տեղի ունեցան երկուքական ճակատումներ: Այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներէն ետք (Դ. խմբակ), մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը այսպիսով կատարած կ՛ըլլան մէկական մրցում:
Շաբաթ օրուան առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Դանիան եւ Հոլանտան (Բ. խմբակ), աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով: Դանիա ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը` նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ արձանագրելով: Շուրջ 36 հազար համակիրներու ներկայութեան, Միքայէլ Քրոհն-Տեհլի նշանակեց մրցումին միակ կոլը (24-րդ):
Թէեւ Հոլանտա պարտուեցաւ սակայն անոր կողմէ ստեղծուած առիթները բազմաթիւ էին, բայց` առանց արդիւնքի: Յիշատակութեան արժանի է հոլանտացի յառաջապահ Արժեն Ռոպենի հարուածը, որ զսպուեցաւ Դանիոյ բերդին սիւնին կողմէ (37-րդ):
Հոլանտայի յաջորդ մրցակիցն է Գերմանիա, մինչ Դանիոյ մրցակիցը պիտի ըլլայ Փորթուգալ:
Մնալով նոյն խմբակին մէջ, իր կարգին Գերմանիա նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց Փորթուգալը: 33 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Մարիօ Կոմեզ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (72-րդ):
Թէեւ Գերմանիա ինք աւելի տիրապետեց եւ գնդակին անոր մարզիկներուն տիրապետութիւնը աւելի շատ էր (56 առ հարիւր տոկոսով), սակայն Փորթուգալ ձեռք ձգեց 11 քորնըր, մինչ Գերմանիա` 2: Դեղին քարտերը եղան հաւասար (իւրաքանչիւրին երկուքական), իսկ ֆաուլերը` 15 Գերմանիոյ եւ 19` Փորթուգալի:
Նշենք, որ նախորդ Հոլանտա – Դանիա մրցումին, Հոլանտայի կողմէ գնդակին տիրապետութիւնը եղաւ 53 առ հարիւրով: Իսկ դէպի բերդ ուղղուած գնդակները` անոր մարզիկներուն կողմէ 21, մինչ Դանիոյ կողմէ` ոչ մէկ (բացի նշանակուած կոլէն):
Երէկ, Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած Իտալիա – Սպանիա գագաթի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, հակառակ անոր որ գնդակը սպանացիներուն մօտ մնաց աւելի շատ (60 առ հարիւրով): Շուրջ 39 հազար համակիրներու ներկայութեան, Անթոնիօ Տի Նաթալէ 61-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Իտալիոյ, որմէ երեք վայրկեան ետք միայն Սեսք Ֆապրեկաս արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1):
Պէտք է ըսել, որ իտալացիք աւելի շատ ֆաուլ կատարեցին (20), քան` սպանացիք (12): Օրուան հունգարացի իրաւարար Վիքթոր Քասսայի կողմէ տրուած եօթը դեղին քարտերէն չորսը վիճակուեցան իտալացիներուն:
Նշենք, որ Սպանիոյ արձանագրած այս հաւասարութիւնը եկաւ վերջ մը դնելու անոր յառաջխաղացքին: Ան իր կատարած վերջին 14 մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էր:
Վերջապէս, երէկուան երկրորդ եւ վերջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Գ. խմբակին մէջ, աւարտեցաւ Խրուաթիոյ յաղթանակով. վերջինս 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրլանտան: Մարիօ Մանտզուքիչ (3-րդ), Նիքիսա Ելաւիչ (43-րդ) եւ Շէյ Կիվըն (48-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Խրուաթիոյ կոլերը, իսկ Շոն Լեճըր` Իրլանտայի կոլը (19-րդ):
Այսօր` երկուշաբթի, 11 յունիսին, մրցաշարքին չորրորդ օրը, տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ` Դ. խմբակին մէջ:
Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ Անգլիան եւ Ֆրանսան` հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, մինչ ժամը 21:45-ին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ուքրանիան եւ Շուէտը:







