Նոր Եւ Մասնայատուկ Գրադարան Մը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Լիբանանահայ գրասէր հասարակութիւնը ուրախութեամբ դիմաւորեց նոր եւ իւրայատուկ գրադարանի մը հաստատումը` նախաձեռնութեամբ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր-մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանի: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 7 յունիս 2012-ի երեկոյեան: Նահր պողոտայի վրայ կը գտնուի գրադարանը, շէնքին վերնայարկը ընդարձակ տարածքով: ԳՈՀԱՐ անունով մկրտուեցաւ այս գրադարանը, որ պիտի պարփակէ հազարաւոր հնատիպ հատորներ` հաւաքուած սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներէ: Հիմնական «մթերքը» հայ երգարաններ եւ բառարաններ են, որոնք կորուստէ փրկուած են անկասկած եւ կը նկատուին գանձարան մը հայ գրական մշակոյթի եւ գեղարուեստի: Այս պարագային երաժշտութեան իմացումն է նաեւ, որով կը փառաւորուի հայ երգը` երգասէրներուն առիթ տալով կապուելու հայ արմատներու, երգերու հեղինակներուն, բանաստեղծ ըլլան թէ երգերու երաժիշտ յօրինող, ինչու չէ` նաե՛ւ երգը մեկնաբանողին հետ ծանօթութեան առիթ:

Ու մտածելու կը տարուինք այս յանդուգն եւ ինքնուրոյն անհատական նախաձեռնութեան համար: Արհեստագիտութեան դարն է սա, այնքան արագընթաց: Շատեր կը յոխորտան, թէ մատիդ ծայրով կոճակի մը կոխելով` աչքերուդ առջեւ կը բացուի, կախարդական աշխարհ մը, ինքնամատոյց հրաշքով: Ուրեմն բոլոր հրատարակութիւնները ներառուած կրնան ըլլալ համացանցի ուղեղային կառոյցին վրայ:

Բայց… Այս պարագային «բայց» մը կը պարտադրէ ինքզինք: Անցեալի հեռուներէն մեզի հասած սա գանձերը, բիւրաւոր երգերու բառերը եւ անոնց խտասալիկները ամբողջութեամբ կարելի չէ հիւրընկալել համացանցին վրայ: Իսկ եթէ այդ ամբողջական յայտնագործումն ալ կատարուի, չենք կրնար ունենալ գիրքերու «ֆիզիքական» միացեալ գեղեցկութիւնը, որ դարերու մշակոյթին մասին կը պատմէ, մշակոյթ մը որքան հոգեմտաւոր, նոյնքան պատմական, գեղարուեստական, գիտական, բառարանագիտական եւ երգարուեստի աշխարհը ցուցադրող: Ցուցահանդէ՞ս մը արդեօք: Նաեւ` այդպէս: Այդ արժէքը պիտի բանաձեւեն եկող սերունդները, որոնք պիտի զարմանան անշուշտ նախկին, քանի մը հարիւր տարի առաջ մեր հայրերուն ստեղծագործած անկրկնելի մշակոյթին, մեծ մասամբ` ձեռագրուած:

Այսօր, 2012 թուականին կ՛ողջունենք 500 տարի առաջ տպուած առաջին հայ գիրքին տպագրուած ըլլալը, «Ուրբաթագիրք»-ը: Հոգիիդ լոյս իջնէ Մեղապարտ Յակոբ: Բայց ի՜նչ մեղապարտ. ըսենք` սրբացեալ Յակոբ, որովհետեւ 500 տարի առաջ քու կատարած հերոսական քաջագործութիւնդ այսօր վերստին կը վերծանենք, առանց… համացանցի գիւտին օգնութեան:

ԳՈՀԱՐ երգարուեստի հիմնադիր Խաչատուրեան եղբարք իրենց մօր անունը փայլեցուցին գոհարանման փայլով: Այսօր նոյն փայլատակումը` ԳՈՀԱՐ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ մէջ: Արդեօք նոր սերունդը պիտի զարմանա՞յ, եւ պիտի հիանա՞յ: Գիրքին հմայքն ու հրապոյրն է այս, երբեք կորնչական…:

Մեր հռչակաւոր աշուղին, Սայաթ Նովային ծննդեան 300-ամեակը չէր մոռցուած: Պահ դրուած երգարանները պիտի վկայեն այս մասին: 300 տարիներէ ի վեր չէ մոռցուած Սայաթ Նովայի անունը, անոր երգերը յաւերժօրէն պիտի հնչեն` պատմելով փառքը Հայ Երգին:

Վարձքդ կատար, պատուարժա՛ն հայորդի Յարութ Խաչատուրեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES