Հակաապստամբութեան Վերջն Ու Չափելի Ուժը

Մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք «հակաապստամբութեան վերջն ու չափելի ուժը» խորագրեալ յօդուածը, որ կը կրէ «Սթրաթֆոր» լրտեսական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն եւ գլխաւոր վերլուծաբան Ճորճ Ֆրիտմընի ստորագրութիւնը:

Առաջին հայեացքով առաւելաբար զինուորական-մասնագիտական կը թուի այդ գրութիւնը. այսուհանդերձ, երկրորդ ընթերցումով մը կարելի է միջազգային քաղաքական բեմին եւ այդ բեմին վրայ Միացեալ Նահանգներու որդեգրելիք ոճին նախանշանները տեսնել:

Բացատրենք:

Նախ` գրութեան աղբիւրին մասին:

«Սթրաթֆոր» ամերիկեան սեփական լրտեսական ընկերութիւն մըն է: Այս բնութագրումը կրնայ տարօրինակ եւ անհաւատալի թուիլ ընթերցողներէն ոմանց, բայց այդպէ՛ս է: «Սթաթֆոր» տեղեկութիւններ կը հաւաքէ, զանոնք կը համադրէ եւ տեղեկագիրներու ձեւով զանոնք կը վաճառէ իր բաժանորդներուն: Այս վերջիններուն շարքին են անհատներ, ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, բայց նոյնիսկ` «Սի. Այ. Էյ.»-ը, ամերիկեան ծովային հետեւակին (մարինզ) հրամանատարութիւնը, արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանական խմբակ մը, եւ բազմաթիւ ամերիկեան պետական այլ կառոյցներ:

Կարելի է ըսել, որ ասիկա հետազօտական-ուսումնասիրական աշխատանք է, եւ նման աշխատանք տանող հիմնարկներ ու կեդրոններ շատ են:

Ճի՛շդ է. բայց այդ կեդրոնները իրենց աշխատանքը կը կատարեն «բաց», այսինքն բոլորին մատչելի աղբիւրներով: «Սթրաթֆոր» գաղտնի տեղեկութիւններ հայթայթող «ներքին» աղբիւրներու համաշխարհային ցանց մը կերտած է, որուն անդամները` պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ընկերութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ այլն, իրենց հայթայթած տեղեկութիւններուն եւ մատուցած այլ ծառայութիւններուն համար մեծագումար վճարումներ կամ «այլ» ծառայութիւններ կը ստանան:

«Սթրաթֆոր»-ի այս գործունէութիւնը եւ ամերիկեան զինուորական, քաղաքական ու (լրտեսական շրջանակներուն հետ անոր սերտ գործակցութիւնը բացայայտուեցաւ եւ մեծ գայթակղութիւն յառաջացուց փետրուար 2012-ին, «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ հրապարակած ընկերութեան ներքին գաղտնի նամակցութիւններով:

Փաստօրէն այս ընկերութիւնը լրտեսական աշխատանք կը տանի, նաեւ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելով` քաղաքականութիւններ եւ ռազմավարութիւններ կը յանձնարարէ իր պետական ու սեփական մարզերէ ամերիկացի յաճախորդներուն:

Այսքանը` աղբիւրին մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի գրութեան, ապա հարկ է մատնանշել հետեւեալ կէտերը:

Առաջին հերթին ակնբախ է բառերը իմաստափոխող, խեղաթիւրեալ ձեւով կացութիւններ բնութագրող բառամթերք գործածելու եւ միջազգային լրատուական դաշտին ու հանրային կարծիքին զանոնք պարտադրելու ամերիկեան գործելաձեւին յամառ կառչածութիւնը: Ամերիկեան քաղաքական, զինուորական, լրատուական եւ ակադեմական շրջանակները, օրինակի համար, «ապստամբութիւն» եզրը կը գործածեն եւ «հակաապստամբական գործողութիւններ»ու մասին կը խօսին: Անոնց «ապստամբներ» անուանումները այն զինեալ խմբաւորութիւններն են, որոնք դիմադրութիւն ցոյց կու տան «բռնագրաւուող (ամերիկեան) ուժերուն»: Բայց այս զինեալ ընդդիմութեան «դիմադրութիւն», կամ պայքարին` «ազատագրական կռիւ», իսկ զայն մղողներուն` «ազատամարտիկ» անունները, ճիշդ բնութագրումը տուող ճիշդ եզրերը չեն գործածուիր անոնց դրական հնչեղութեան, եւ ամերիկեան կողմի ինքնաբեր դատապարտումին պատճառով:

Ասիկա գրութեան ամերիկեան քարոզչութեան ու ապատեղեկատուութեան երեսն է, ուր նորութիւն չկայ:

Հետաքրքրականը Միացեալ Նահանգներու կամ անոնց ղեկավարներուն «ազգային շահերը» հետապնդելու համար օտար երկիրներ բռնագրաւելու ոճէն հրաժարելու առաջարկն է:

Ամերիկեան քաղաքական, զինուորական եւ գործարարական վերնախաւին քաղաքականութիւններ եւ ռազմավարութիւններ առաջարկող ազդեցիկ ու հեղինակաւոր վերլուծաբանն ու փորձագէտը այդ առաջարկը չեն ըներ, որովհետեւ բարոյապէս սխալ է, միջազգային օրէնքին համար անընդունելի է, անհատներու, հաւաքականութիւններու եւ գերիշխան պետութիւններու տարրական իրաւունքներ ոտնակոխ կ՛ընէ: Ո՛չ, այլ պարզապէս որովհետեւ քաղաքական սուղ «գին» ունի, բայց մանաւանդ` որովհետեւ «հակաապստամբական» (իմա` հակաազատագրական, բռնագրաւումի պահպանման) բոլոր ռազմավարութիւններն ու մարտավարութիւնները ի վերուստ ձախողութեան դատապարտուած են:

Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ փորձագէտը կ՛առաջարկէ հրաժարիլ այլ հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու ընտրանքներ, քաղաքականութիւններ եւ կացութիւններ պարտադրելու համար հրաժարիլ բիրտ զինուորական ուժի գործածութենէն: Ամենեւի՛ն: Ան պարզապէս կ՛առաջակէ փոխել այդ ուժին գործելաոճն ու չափը:

Պարաք Օպամայի նախագահ ընտրութիւնը օրին ողջունուեցաւ Եւրոպայէն մինչեւ Ափրիկէի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի լայն շրջանակներուն կողմէ, այն յոյսով, որ անիկա վերջ պիտի դնէ պուշեան ժամանակաշրջանի «ծանր ձեռք»-ի, կամ` «հաստ գաւազան»-ի գործելաոճէն: Հակառակ իրաքէն ձեւական հեռացումին ու Աֆղանիստանէն հեռանալու ծրագիրներուն, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելք, Ուաշինկթըն թաւշեայ ձեռնոցներ հագած պահեց նոյն մօտեցումը:

Ստորեւ թարգմանաբար հրամցուող գրութիւնը կ՛առաջարկէ պահպանել նոյն ընթացքը. ամերիկեան բանակները որեւէ պահու, որեւէ պատճառաբանութեամբ, որեւէ վայրը պիտի մտնեն, ազատ-համարձակ սպաննեն, ականահարեն ու քանդեն: Ո՛չ  գերիշխանութիւն, ո՛չ սահմաններու անձեռնմխելիութիւն, ո՛չ ալ պետական, հաւաքական կամ անհատական իրաւունքներ:

Պարզապէս մնայուն բռնագրաւուող ամերիկեան բանակ պիտի չըլլայ: Ամերիկեան բանակը պիտի մնա՛յ գործիքը կայսերապաշտական նկրտումներուն ու դրամատիրական անյագ ու ընչաքաղց  ախորժակներուն. բայց պիտի գործէ այլ ձեւերով, որոնք իրենց կարգին նորութիւն մը չեն, նորութիւնը անոնց պաշտօնականացումն ու ընդհանրացումը պիտի ըլլան:

Թէ որո՞նք են այդ ձեւերը… կարդացէ՛ք յօդուածը:

Ճ.

Ամերիկեան զինուորականութեան ղեկավար շրջանակը տարիներէ ի վեր քննարկումի կ՛ենթարկէ եւ բանավէճեր կ՛ունենայ հակաապստամբական գործողութիւններու օգտակարութեան շուրջ: Վիեթնամի պատերազմէն եկող զգացումներու անսալով` բազմաթիւ ամերիկացի զինուորականներ երկար ատենէ կ՛ընդդիմանան հակաապստամբական բնոյթի գործողութիւններուն: Ուրիշներ այդպիսի գործողութիւնները կը նկատեն Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործունէութեան անխուսափելի ապագան: Այս բանավէճը իրարու դէմ կը հանէ մէկ կողմէ անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ աւանդական զինուորական ուժի մը գոյութեան իմաստն ու նպատակը այլ աւանդական զինուորական ուժ մը պարտութեան մատնելն է, եւ միւս կողմէ` անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ աւանդական զինուորական հակամարտութիւնները աստիճանաբար պիտի փոխարինուին այնպիսի հակամարտութիւններով, որոնք առաւելաբար համասեռ են մեր օրերու ծանօթ հակաապստամբական գործողութիւններու: Այս վերջին տեսակի հակամարտութիւններուն մէջ հակաապստամբական գործունէութեան նպատակն է այնպէս մը փոխակերպել բռնագրաւեալ երկրի ընկերութիւնը, որ ապստամբներու ենթահողը ականահարուի:

Այս բանավէճը հասկնալու համար հարկ է նախ ըմբռնել, որ հակաապստամբութիւնը պատերազմի տեսակ մը չէ. աւելի շուտ` անիկա ռազմավարութիւն մըն է, զոր անհամեմատօրէն ուժեղ աւանդական զինուորական ուժ մը կ՛որդեգրէ, երբ կը դիմակայէ անհամաչափ պատերազմի կացութիւն մը: (Անհամաչափ կը կոչուին այն պատերազմները, երբ հակամարտ ուժերուն զինուժն ու բնոյթը շատ տարբեր են. օրինակի համար, բանակ` ընդդէմ հրոսակներու)

«Հակաապստամբական» յորջորջումէն ի յայտ կու գայ, որ այսպիսի գործողութիւնը պատասխան կամ հակազդեցութիւն է ապստամբութեան, որ իր կարգին մէկ տեսակն է «անհամաչափ հակամարտութեանց», երբ բռնագրաւումի ենթակայ երկրի բնակչութենէն ծնած փոքր զօրամիաւորներ կը փորձեն պարտութեան մատնել աւելի մեծաթիւ աւանդական զինուորական ուժ մը: Ապստամբները ընդհանրապէս աւելի մեծ մղում կ՛ունենան (այլապէս շատ շուտ փուլ կու գայ անոնց շարժումն ու պայքարը). անոնց ունեցած հետախուզական եւ տեղեկահաւաքման ցանցերն ալ սովորաբար գերադաս կ՛ըլլան օտար բռնագրաւող ուժին ունեցածին: Աւելի լաւ հետախուզական եւ տեղեկութիւններու տուեալներով գործող փոքր միաւորներ կրնան դիւրութեամբ խուսափիլ աւելի ուժեղ աւանդական ուժերէն եւ զանոնք հարուածել իրենց ուզած պահուն ու վայրին մէջ, իրենց նպաստաւոր ձեւով:

Ընդհանրապէս ապստամբ խմբակները չեն ձգտիր ուղղակի եւ ընդհանուր զինուորական առճակատումով պարտութեան մատնելու բռնագրաւող ուժերը (բացի այն պարագայէն, երբ ապստամբութիւնը կը զգենու համաժողովրդային բնոյթ, եւ անոր կը միանան արհեստավարժ ու կանոնաւոր բանակային ուժեր.- Ճ. Գ.): Կ՛ենթադրուի, որ ապստամբ միաւորները կը ձգտին երկարելու հակամարտութիւնը եւ սաստկացնելու զայն, մինչեւ որ բռնագրաւող ուժը, ապստամբութիւնը պարտութեան մատնելու իր անկարողութիւնը ընդունելով, ստիպուած ըլլայ հեռանալու տարածքէն:

* * *

Ըստ հակաապստամբական ռազմավարութեանց տեսաբաններուն, ապստամբութեան հիմնական ուժը ապստամբներուն եւ ընդհանուր բնակչութեան միջեւ կապն է: Այս յարաբերութիւնը ապստամբներուն կը հայթայթէ գումակային վիթխարի խարիսխ մը, ինչպէս նաեւ հետազօտութեան ու տեղեկահաւաքի անսպառ աղբիւր: Ան նաեւ ապահով ապաստան կը շնորհէ, որովհետեւ ապստամբներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ բնակչութեան խառնուելով` անհետանալու:

Այս պատճառներուն համար հակաապստամբութեան տեսաբանները կենսական կը համարեն ապստամբ-բնակչութիւն կապի խզումը: Այս նպատակին հասնելու համար անոնք առաւելաբար կ՛առաջարկեն բնակչութեան տրամադրել տնտեսական-նիւթական մղումներ, համաձայնութիւններ գոյացնել շրջանի աւանդական ղեկավարութեանց հետ, եւ բնակչութիւնը պաշտպանել ապստամբներէն, որոնք կրնան հատուցիչ հարուածներ տալ բռնագրաւող ուժին հետ գործակցող շերտերուն:

Հակաապստամբական ռազմավարութեանց գլխաւոր տկարութիւնն ու անոնց մեծամասնութեան ձախողութեան գլխաւոր պատճառը եղած է այն ենթադրութիւնը, թէ տնտեսական խայծերով կրնան ապստամբութեան դէմ հանել բռնագրաւեալ շրջանի բնակչութիւնը, կամ կարողութիւնը ունին ապստամբներէն պաշտպանելու իրենց հետ գործակցող շերտերը. փաստօրէն կարգ մը արժէքներ, օրինակի համար` հայրենասիրութիւնն ու կրօնը, վճռորոշ եւ իրական տուեալներ են այդպիսի կացութիւններու մէջ գտնուող ժողովուրդներուն համար, եւ որքան ալ օգտակար, ծառայասէր, համակրելի եւ անկեղծ ըլլայ կամ թուի բռնագրաւող ուժը, այդ արժէքները շրջելու փորձերուն աւարտը անստոյգ է: Ընդհանրապէս ապստամբները քաղաքայիններուն, ամուսինները, եղբայրներն ու զաւակներն են: Բնակչութիւնը կրնայ ցանկալ եւ ուզել բռնագրաւողներու առաջարկած տնտեսական օգուտները, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքայինները պիտի դաւաճանեն կամ վանեն իրենց հարազատներն ու բարեկամները: Վերջին հաշուով ալ խիստ անհաւանական է, որ մեծ թիւով օտար զինուորներ բռնագրաւեալ երկրի մը բնակչութեան համակրանքը կարենան շահիլ, անոնք ընդհանրապէս միայն կրնան ահի մատնել այդ բնակչութիւնը: Այդ ահին չափն ու տարողութիւնն ալ նոյնքան կասկածելի է, ինչպէս ցոյց կու տան պատմական ու ժամանակակից պարագաները:

Հակաապստամբական Այլընտրա՞նք

Անհամաչափ պատերազմը ունի նաեւ այլ ոլորտ մը, որ կ՛ընդգրկէ հրոսակային եւ մասնայատուկ գործողութիւններու ռազմաոճերը: Այս ոլորտէն ներս, շատ լաւ մարզուած թեթեւ հետեւակազօրը կը տեղակայուի յստակօրէն սահմանուած առաքելութեամբ` առանց կախեալ ըլլալու տեղական բնակչութենէն. հակառակը, այդ զօրամիաւորումը կը խուսափի ընդհանուր բնակչութենէն եւ կը գործէ իր պարէնով, կամ` բնակչութեան հետ նուազագոյն շփումով ապահովուած պարէնով:

Յատկանշական է, որ երկու հակամարտ կողմերն ալ կրնան որդեգրել այս մարտավարութիւնները: Հակաապստամբականին դիտանկիւնէն հրոսակային ռազմաոճի կարեւորագոյն նշանակութիւնն այն է, որ անիկա միայն ապստամբին տրամադրելի մարտավարութիւն չէ, այլ` հակաապստամբական գործելաոճը փոխարինող հաւանական այլընտրանք մը:

* * *

Վիեթնամը, Իրաքն ու Աֆղանիստանը ցոյց տուին, որ Միացեալ Նահանգներու բանակը շատ լաւ չէ հակաապստամբական կռիւի մէջ:

Ոմանք կրնան պնդել, որ ամերիկեան զինուորականութիւնը պէտք է աշխատի բարելաւելու համար իր հակաապստամբական կարողութիւնները: Բայց շատ տուեալներ չկան հաւատալու, թէ անիկա կամ որեւէ այլ բռնագրաւող ուժ պիտի կարենայ ձեռք բերել եւ իւրացնել այդպիսի ունակութիւններ:

Ասոր դիմաց, սակայն, հարկ է խորհրդածել թեթեւ հետեւակազօրքերու այդ ռազմաոճերու մասին, որոնց մէջ հմտացած են Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը: Այս այլընտրանքին նպատակը բնակչութիւնը ապստամբէն իր կողմը սիրաշահիլը չէ, այլ` յստակօրէն սահմանուած զինուորական առաջադրանքներ կատարել, սկսեալ` կառոյցներու կործանումէն, հարուածներով չարաչար յոգնեցնելէն, մինչեւ ճակատիլ եւ հաւանաբար պարտութեան մատնելով` ոչնչացնել թշնամի մեծ ու փոքր միաւորումները:

Այսպիսի առաջադրանքներու յարմար են մասնայատուկ գործողութիւններու ուժերը: Բայց հարկ է նկատի ունենալ նաեւ այլ ուժեր, ինչպիսին է ծովային հետեւակազօրը: Այս ուժերը ո՛չ հողատարածք բռնագրաւելու, անշուշտ ո՛չ ալ հանրային կարծիք սիրաշահելու համար են, այլ անոնց աւանդականօրէն վստահուած են համեմատաբար փոքր զօրամիաւորումներուն կատարուելիք գործողութիւններ: Անոնց ստեղծման ու գոյութեան նպատակն է զինուորական ուժ օգտագործել յստակօրէն սահմանուած եւ բնակչութիւնը շրջանցող ձեւով ծրագրուած, հակառակորդի կարողութիւնները հարուածող գործողութիւններով: Այսպիսի գործողութիւններու լաւագոյն օրինակները հակաահաբեկչական կամ յատուկ կառոյցներու վրայ յարձակումներն են: Այսպիսի գործողութիւններ ծախսալից չեն, եւ զանոնք կատարելու համար հարկաւոր չէ հողատարածք բռնագրաւել: Բայց անոնց կարեւորագոյն առաւելութիւնն այն է, որ կարելի է անոնց վերջ դնել` առանց վճարելու երկարատեւ հակաապստամբական գործողութիւններու պահանջած քաղաքական գինը: Ուրեմն, հակաապստամբական ռազմաոճը կարելի է փոխարինել այսպիսի այլընտրանքով մը, որ կը խուսափի բռնագրաւողական ռազմաոճէն եւ խստիւ սահմանուած ու սահմանափակ առաջադրանքներով կը փոխարինէ զայն:

Այս տիպի գործողութիւններուն մասին յստակ պատկերացում մը տալու համար հոս կարելի է ներկայացնել «արտածագող» սպառնալիքներու կանխատեսման եւ հետազօտութեան սպասարկութեան» նկատած եւ ուսումնասիրած մէկ պարագան` ոչ պետական դերակատարներու կողմէ ցամաքէն արձակուող հականաւային հրթիռներու հաւանական ձեռքբերումը:

Արդարեւ, համաշխարհայնացումին հետ թափ ստացած է ծովային առեւտուրը. նոյն պահուն մենք ականատես եղանք զէնքի բազմաթիւ համակարգերու տարածումին եւ ոչ պետական դերակատարներու կողմէ անոնց ձեռքբերումին: Մտացածին չէ այն բեմագրութիւնը, ուր յառաջիկայ ժամանակաշրջանին շարժական, ցամաքէն արձակուող հականաւային հրթիռներ պիտի հասնին ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու ձեռքերուն: Հռոսակախումբ մը կամ ապստամբութիւն մը, այսպիսի զէնքերով զինուած, կրնայ ցամաքի վրայ քողարկուած դիրքերէ օգտուելով` հարուածել անցնող նաւեր, ապա` իր շարժական կայանը տեղափոխել:

Ասիկա ոչ միայն անհաւանական չէ, այլ յստակօրէն ձեւաւորուած սպառնալիք է: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ այս մարտավարութեան օգտագործումին ականատես եղանք բազմաթիւ անգամներ. անոնցմէ ամէնէն հանրայայտը Հըզպալլայի կողմէ 2006-ին արձակած եւ իսրայէլեան մարտանաւ մը հարուածած հրթիռն է: Ափրիկէի ծովեզերքէն գործող ծովահէններն ալ ծովային առեւտուրին սպառնացող լուրջ ոչ պետական սպառնալիք կը սեպուին, թէեւ անոնք ցարդ այսպիսի զէնքեր չեն գործածած: Եմէնի մէջ ականուած նաւակներով նաւերու դէմ անձնասպանական գործողութիւններն ալ աւելի հաւանական կը դարձնեն վերեւ նկարագրուած բեմագրութիւնը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհը լի է «խեղդակէտերով» («խեղդակէտ» եզրը կը գործածենք բառացիօրէն թարգմանուած. անիկա կը նշանակէ վայրեր, ուր երթեւեկը կը խճողուի նեղ անցքի մը պատճառով – Ճ. Գ.): Խեղդակէտերը կը գտնուին ոչ միայն ցամաքային ճամբաներուն եւ խճուղիներուն, այլ նաեւ` ովկիանոսներուն վրայ, ուր ջրային տարածքը կը դառնայ նեղ, պարտադրելով որ նաւերը անցնին այնպիսի «միջանցք»-ներէ, ուր կը դառնան ցամաքի վրայ տեղակայուած հականաւային զէնքերու հասողութեան մէջ: Կարգ մը խեղդակէտեր բնական են, ինչպիսին են Հորմուզի, Մալաքայի եւ Ճիպրալթարի նեղուցները: Ուրիշներ` մարդու գործն են, ինչպէս` Փանամայի եւ Սուէզի ջրանցքները: Հոս նաւերը խոցելի կը դառնան նոյնիսկ ամէնէն պարզ արհեստագիտութեամբ ու կարճ հասողութեամբ զէնքերու, ալ ո՛ւր մնաց հականաւային հրթիռները: Այս խեղդակէտերը, կարգ մը ուրիշ ծովեզերեայ շրջաններու հետ, կը հանդիսանան խոցելի կէտերը համաշխարհային առեւտրական համակարգին, եւ օգտագործելի են թէ՛ պետական, թէ՛ ալ ոչ պետական դերակատարներու կողմէ: Ծովահէնութեան տարածումին յաջորդող տրամաբանական հակազդեցութիւնը պատմականօրէն այդ ծովեզերեայ շրջաններու բռնագրաւումն է:

Բռնագրաւում, որովհետեւ առեւտրական նաւերուն մարտանաւերով ընկերակցիլը հարցը չի լուծեր. ընկերակցող մարտանաւերու մեծ մասը հնարաւորութիւն պիտի չունենայ հարուածելու ցամաքի վրայ տեղակայուած յարձակողները, որոնց դիրքերը մետասաներորդ պահուն եւ հարուածէն անմիջապէս առաջ միայն պիտի բացայայտուին: Օդուժի հարուածները հնարաւոր են, բայց ինչպէս որ Քոսովոյին նման պարագաներ ցոյց տուին, լաւ քողարկաներկումը (քամուֆլաժ), հակառակ իր թերութիւններուն, կրնայ շատ սահմանափակել անոնց արդիւնաւէտութիւնը:

Ասոնք են այն կացութիւնները, ուր տարբեր չափերով գործող եւ ինքնաբաւ զօրամասերու կարիքը կը զգացուի: Ամերիկայի ծովային հետեւակազօրը (զինուորները, որոնց ուժերը իրենց թոյլ կու տան լուծել համեմատաբար մեծ տարածքներու մէջ տարածուած հակառակորդներու պարագան, մեծ հնարաւորութիւններ ունին այս ոլորտէն ներս: Անոնց կողքին, մասնայատուկ գործողութիւններու ուժերը, որոնք աւելի սակաւաթիւ են աւելի փոքր խումբերով կը գործածեն, նոյնքան օգտակար են անշարժ եւ հաստատուած «կարծր» թիրախներու դէմ: Բայց այս երկուքին դիմաց, տարբեր չափերու զօրամիաւորումներով գործելու մարզուած ցամաքահանումի յատուկ հետեւակազօրք մը ունի այն առաւելութիւնը, որ կրնայ շղթայազերծել որոնելու, գտնելէ ետք բնոյթը ստուգելու, ապա չէզոքացնելու անընդհատ շարժումի եւ դիրքերու վերադասաւորումի մէջ գտնուող հակառակորդ ուժեր, ինչպիսիք են ապստամբ կամ այլ ոչ պետական ուժերը: Ասոնք ցամաք-ծով-ցամաք գործողութիւններ են, երբ ծովային եւ ցամաքային ուժերու առաւելագոյն գործակցութիւնն է պէտք. ցարդ նման գործողութիւններ կատարելու լաւագոյն թեկնածուն նաւազներու զօրամասն է:

***

Ասիկա մէկն է այն բազմաթիւ պարագաներէն, երբ կարելի է դիմել համեմատաբար աւելի փոքր ծաւալի զօրամիաւորումներու գործունէութեան, ընդդէմ` տարասեռ տիպի պատերազմի մէջ ոչ պետական խմբաւորումներու: Անիկա պիտի խնայէ բռնագրաւումի ծախսերն ու հակաապստամբական գործողութիւններու յստակ անպատեհութիւնները: Անիկա նաեւ օտար հողատարածքէ ներս կը տեղադրէ այնպիսի ուժեր, որոնք կրնան զանազանել թիրախներ, շրջանցել քողաներկումի եւ անմեղ քաղաքայիններու արգելքներ, եւ կամ անձամբ կամ այլ միջոցներով (առանց օդաչուի օդանաւեր) հարուածել հակառակորդները:

***

Այս բանավէճին մէջ կողմ ճշդելու համար սխալ է այն մօտեցումը, թէ հարցը հաւասարէ-հաւասարի (բանակ ընդդէմ բանակ) եւ հակաապստամբական գործելաձեւի հակադրութիւնն է: Թէեւ հաւասարէ-հաւասար եւ բանակ ընդդէմ բանակ հակամարտութիւններու թիւը անընդհատ կը նուազի, այդ պարագաները կը մնան միակ պարագան, ուր գոյութենական վտանգ կը սպառնայ որեւէ երկրի:

Ուրեմն իսկական հարցը այն է, թէ հարկ է առաջադրանքը կատարելու չափով ուժեր գործուղել, եւ ոչ թէ անմիջապէս դիմել բռնագրաւումի (վերջին տարիներուն, բռնագրաւումի կողքին ականատես եղանք նաեւ ամբողջ երկրի մը ընկերային փոխակերպման փուճ փորձերուն):

(Ուժերու) Չափ Եւ Առաքելութիւն

Աֆղանիստանի մէջ իշխող վարչաձեւն ու անոր բնոյթը Միացեալ Նահանգներու համար ազգային շահի խնդիր չէ: Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերու գերխնդիրն այն է (կամ ենթադրուած է ըլլալ) որ Աֆղանիստանը բեմ չդառնայ ահաբեկչական գործողութիւններու ծրագրումին, նախապատրաստական մարզումին ու մեկնարկումին: Այս առաջադրանքը կատարելու համար ո՛չ բռնագրաւումը անհրաժեշտ է, ո՛չ ալ այդ երկրի ընկերային համակարգն ու արժէքները փոխակերպելը:

Թէ ի՛նչ է անհրաժեշտ, տարբեր պիտի ըլլայ մէկ առաքելութենէն միւսը, բայց հաստատ եւ անփոփոխ պէտք է ըլլայ այն սկզբունքը, թէ ամէն հակամարտութեան համար ամերիկեան զինուորական յանձնառութիւնը պէտք է սահմանափակուի նուազագոյն անհրաժեշտ չափով: Այսպիսի մօտեցում մը երեք դրդապատճառ եւ օգուտ կը բերէ. առաջին հերթին անիկա այնպիսի սահմանագծում կը պարտադրէ առաջադրանքին, որ նպատակը մատչելի եւ իրապաշտօրէն իրագործելի սահմաններուն մէջ կը մնայ. երկրորդ` նուազագոյն ուժերով յանձնառութեան մը շնորհիւ Ուաշինկթընը կը կանխարգիլէ այնպիսի կացութիւններ, երբ զինուորական նահանջը անհրաժեշտ է, բայց անոր քաղաքական գինը` անընդունելի: Երրորդ` անիկա կը խնայէ ամբողջ երկիր մը փոխակերպելու փորձերուն ցարդ տեսնուած աղէտները:

***

Հարկ է որ զինուորական միջամտութիւնները հազուադէպ պատահարներ ըլլան. բայց երբ որ պատահին, անհրաժեշտ է, որ անոնք կատարուին առաքելութեան բնոյթին համապատասխանող չափերով: Վերը նկարագրուած խեղդակէտերու բեմագրութեան մէջ նպատակը ապստամբութիւն մը պարտութեան մատնելը չէ. անկարելի է ապստամբութիւնները պարտութեան մատնել` առանց բռնագրաւելու երկիր մը, եւ` փոխակերպելու բռնագրաւումին ենթակայ ընկերութիւնը. իսկ ասոր հնարաւորութիւններն ու հետեւանքները արդէն յայտնի են: Ուրեմն այդ բեմագրութեան մէջ նպատակը ցամաքի վրայ տեղակայուած հրթիռներու նաւերու դէմ գործածութեան կանխարգիլումն է: «Կարողութիւններ քանդելու» գործողութիւնները քաղաքականապէս պաշտպանելի են, եւ անոնց շնորհիւ կարելի է խուսափիլ բռնագրաւումին ենթադրած ռազմաոճերէն: Անոնք ազդու հակազդեցութիւններ են ապստամբներուն, եւ անոնց շնորհիւ կարելի է խուսափիլ հակաապստամբական գործողութիւններու որոգայթներէն:

Բայց այսպիսի առաքելութիւններ եւ առաջադրանքներ կատարելու համար հարկ է զարգացնել թեթեւ զօրամաս մը, որ պատրաստ է եւ կրնայ արագ փոխադրուիլ տարբեր միջոցներով (ցամաք, ծով, օդ) թիրախի շրջանը. ան պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ տարբեր չափերէ ուժերով գործելու, սկսեալ ջոկէն ու դասակէն, մինչեւ գումարտակն ու աւելին ըստ կարիքի. այդ ուժերը պէտք է կարողութիւնը ունենան գործողութեան թատերաբեմին վրայ մնալու եւ հարուածելու` առանց վերածուելու բռնագրաւող ուժի, որ զոհ եւ վիրաւոր կու տայ, եւ երկրորդական թիրախներու հետ բախում կ՛ունենայ` անխուսափելիօրէն պատճառելով քաղաքային զոհեր. անիկա նաեւ հնարաւորութիւն պէտք է ընձեռէ անմիջապէս յետս կոչելու զայն` առանց այդ հեռացումին նահանջ կամ պարտութիւն պիտակաւորումը տալու: Կարճ ըսած` առաջադրանքը պէտք է կատարել առանց անհարկի քաղաքական գին վճարելու:

Բայց այս մտածելակերպին ու գործելաոճին հասնելու բանալին այն է, որ նախ պէտք է ընդունիլ, թէ հակաապստամբական ռազմաոճն ու մարտավարութիւնները ձախողած են. նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ արդի աշխարհին մէջ պատերազմական գործողութիւնները կարելի է կատարել տարբեր չափերով` զօրաբաժանումներով, եւ ամէն զինուորական ուժ պէտք է յարմարեցնել եւ պատշաճեցնել առաքելութեան եւ անոր տրուած առաջադրանքին: Նաեւ պէտք է միշտ ձգտիլ գործելու առանց գետնի վրայ մնայուն ու երկարատեւ ներկայութեան` առանց բռնագրաւումի:

***

Հակաապստամբութեան շուրջ ընթացող բանավէճը ռազմագէտներուն առջեւ դուռը պէտք է բանայ այլ առանձքներու քննարկումին. հարկ է որ արծարծուի զինուորական ուժերու տարբեր չափերով գործածելիութեան տեսութիւնը, ամէնէն ծայրայեղ պարագաներուն վերապահելով բռնագրաւումի ընտրանքը: Բռնագրաւումը պատճառ կ՛ըլլայ դիմադրութեան. դիմադրութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ հակայարձակումի. հակայարձակումը կը ստեղծէ այնպիսի կացութիւն, ուր հակաապստամբական գործողութիւն կը շղթայազերծուի, եւ անխուսափելիօրէն կը ձախողի, կամ քաղաքական ծանր գին կ՛ունենայ: Ասոր դիմաց, չափուած ուժերու ճկուն եւ արագ ներթափանցումը (լաւագոյնը` ծովէն), վերոյիշեալ անպատեհութիւնները շրջանցելու կողքին, անոնցմէ անպայմանօրէն կը ծնի ռազմավարական եւ մարտավարական կարգապահ ծրագրում, որ կը նախատեսէ եւ նախօրօք կը պատրաստէ ելքի ճամբան: Շատ աւելի դիւրին է վերջ դնել պատերազմին, երբ ամբողջ ընելիքը մարտանաւերու մեկնումն է:

Բոլոր պատերազմները չէ, որ կարելի է այս ոճով մղել: Բայց կան պատերազմներ, որոնք առառկայականօրէն չէին ծրագրուած, եւ անոնց հաշուեկշիռը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

ՃՈՐՃ ՖՐԻՏՄԸՆ

«Սթրաթֆոր»

Share this Article
CATEGORIES