Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. 2015-Ի Մեր Խաղաքարտը – Թրքական Սփիւռքը

ՓՐՈՖ. ՊԱՍՔԸՆ ՕՐԱՆ
«Ռատիքալ»

Փոխանակ հասարակական կազմակերպութիւններուն գործը դիւրացնելու, որ միակ միջոցն է հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնը նուազեցնելու, հիմա ճիշդ հակառակը կ՛ընենք` պետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը պաշտպանող կազմակերպութիւններ գործի լծելով: Կ՛ընդունինք, որ իրենց անմեղ եղբայրներն ու ընկերները 1973-էն ետք սպաննուեցան հայ ահաբեկիչներու կողմէ. այսինքն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայկական հարցի կապակցութեամբ իրենց զգացումներով տարուելու համար շատ նպաստաւոր կազմակերպութիւն մըն է: Բայց զգո՛ւշ, աղէտը, որ պիտի սկսինք գործադրելու, ուղղակի կառավարութեան ազդեցութիւնն է:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած ներքին ժողովրդականութեան քաղաքականութիւնը կ՛ընթանայ շատ վատ ուղղութեամբ, եւ անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ այն ատեն որ սայթաքի եւ սորվի, որ կարելի չէ այդպէս շարունակել: Սակայն արտաքին քաղաքականութեան մէջ թուրք-իսլամական համադրութիւն ընելով եթէ սայթաքիս, դժուար թէ ոտքի կարենաս կանգնիլ: Երկու ժողովուրդներու միջեւ թշնամութիւնը փոխանակ նուազեցնելու հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով` հիմա ճի՛շդ հակառակը կ՛ընենք. մեր պետութեան առաջնորդութեամբ, թուրք եւ ազերի «կոնկոներուն» նեցուկ կը կանգնինք. «կոնկօ» կը նշանակէ հասարակական կազմակերպութեան երեւոյթին տակ, պետական պաշտօնական գաղափարախօսութեան համար պայքարող կազմակերպութիւններ:

«Մարքեթինկի» Կանոնները

Խորքին մէջ եղածը պարզ է. թուրք եւ ազերիական թեզերը հրամցնել աշխարհին: Սակայն «մարքեթինկը» գիտութիւն եւ արուեստ կը պահանջէ, անհրաժեշտ օրէնքներ եւ կանոններ ունի:

1) Ապրանքին որակը. առատ գովազդով ծախելիք ապրանքդ որոշ որակէ մը նուազ պէտք չէ ըլլայ: Մինչդեռ մեր ապրանքը` Հայկական հարցը, որ կրցած ենք նոյնիսկ մեր իսկ ժողովուրդէն խնամքով պահել մէկ դարէ ի վեր, միշտ նոյն ապրանքն է (եւ հազիւ 1973-ի առաջին սպանութենէն ետք սկսանք բաներ մը սորվիլ), «Մենք անոնց դէմ ցեղասպանութիւն չըրինք, անոնք մեզի ըրին»:

2) Շուկային եւ գնորդին որակը. ինչպէս որ իսլամական թաղերուն մէջ խխունջ չես կրնար ծախել, նոյնպէս ալ այս ապրանքը աշխարհին չես կրնար ծախել. կռփամարտի հարթակը, որուն վրայ կը ջանանք բարձրանալ հիմա, 1920-ականներէն ի վեր հայերու սեփականութիւնն է, հազիւ թէ կրնանք տփոց ուտել: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ երկրի մէջ «Հայկական հարց» եզրը կը գործածուի, այլ կը գործածուի Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Աւելի՛ն. հիմա սփիւռքին դիմելով` պիտի ըսենք. «Մենք ձեզի դէմ ցեղասպանութիւն չըրինք, հրամեցէք Թուրքիա, ձեզ կը հիւրասիրենք, եւ ձեր աչքերով կը տեսնէք ամէն բան»: Հաւաքական գերեզմաններ ալ կը տանինք, հաւանաբար…

3) Ապրանք ծախողին որակը. հարկաւոր է, որ գործին վարպետը ըլլայ, դիւանագիտութեամբ շարժի, խնդումերես, անուշ լեզու եւ համոզիչ ըլլայ: Մանրամասնենք այս շատ կարեւոր յատկութիւնը:

Եղբայրական Ազրպէյճանցի
Դիւանագէտը

Յուսամ` կը նկատէք, որ մենք այս փտած, 73-ի մակնիշով ապրանքը ա՛յս կոնկոներու ձեռքով պիտի ծախենք: Օրինակի համար, քանի որ յիշեցինք «դիւանագէտը», սկսինք ազրպէյճանցի դիւանագէտներէն, որոնց հետ պիտի աշխատինք միասնաբար: Ազրպէյճանի դեսպանատունէն մամլոյ կցորդ` Էլսեւեր Սալմանով ինծի ուղղած 10 ապրիլ, 2012 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ. «Տարիներէ ի վեր կը հետեւինք ձեր գրութիւններուն. Ազրպէյճանի հանդէպ ունեցած ձեր ատելութիւնը բացայայտ է. թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն դիտաւորեալ թշնամութիւն յառաջացնող ջանքերը եւ Ազրպէյճանը թուրք հասարակութեան աչքին վարկաբեկելու  վճռակամութիւնը ձեր գաղափարներուն եւ ինքնութեան պատգամաբերն է»: Իրեն ուղղած պատասխանիս մէջ գրած էի. «Կը խնդրեմ, որ այսուհետեւ, ինծի այս տեսակի ազգայնապաշտ քարոզչութեան նիւթեր չղրկէիք». իսկ ի՛ր տուած պատասխանը հետեւեալն էր. «Անշուշտ որ ձեզի գրել չէի փափաքեր, սակայն ձեր ձեռքը գտնուող թերթին սիւնակը «խանութ»-ի նման գործածելու ձեր վարժութիւնը զիս ստիպեց, որ այս քայլը առնեմ»:

Թրքական Պատմութեան Կաճառի (ԹՊԿ)
Մեր
Փրոֆեսէօրը

Խորքին մէջ սովորական մամլոյ կցորդի մը պէտք չէ բարկանալ, երբ նկատի ունենանք մեր ԹՊԿ-ի հայկական բաժանմունքի պետ` փրոֆ. Քեմալ Չիչեքին ըսածները Կարօ Փայլանին, հեռուստազրոյցի մը ընթացքին. «Հրանդ Տինքը դաշնակները մեռցուցին». եւ իբրեւ վերջաբան` կը պայթեցնէ` «Ձեր վախճանը Քալիֆորնիոյ մէջ վերջ կը գտնէ»:

ԹՊԿ-ի պետը ինչո՞ւ կ՛ըսէ այս բաները, որովհետեւ այս բաները ըսելու համար նստեցուցած են զինք այդ աթոռին, եւ որովհետեւ արտաքին գործոց նախարարութեան գլուխը ցարդ եկած ամենալայն հորիզոն ունեցող նախարարը` Տաւութօղլուն ալ այսպէս կ՛ըսէ. «Ապրիլ 23-ն ու 24-ը մեզի համար մասնաւոր տարբերութիւն մը չունի. այս առիթով կը շնորհաւորեմ ապրիլ 23-ի ձեր Ազգային գերիշխանութեան տօնը. ճիշդ չեմ գտներ ապրիլ 24-ին հանդէպ ձեր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը: Վաղն ալ ապրիլ 25 է, շնորհաւոր ըլլայ»: Երկու ժողովուրդները հաշտեցնող փրոթոգոլներուն ճարտարապետը համարուող Տաւութօղլուին բնաւ չի վայելեր հեգնական այս ոճը: Ուրեմն այսպիսի բան մըն է «պետութեան մտածելակերպը»: Ապրիլ 23-ը կը շնորհաւորէ, սակայն ապրիլ 24-ին համար նոյնիսկ չի կրնար ըսել, որ «կը բաժնեկցիմ հասարակաց ցաւերը», ինչո՞ւ, որովհետեւ ի՛ր վարչապետը յայտարարած է` իսլամ մը ցեղասպանութիւն չի կրնար կատարել», ակնարկելով Սուտանի նախագահ Պեշիրին, որուն դէմ ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալման որոշում պիտի կայացնէր Միջազգային պատժական ատեանը:

Եթէ Իմամը Այսպէս Է…

… Երեւակայեցէք ժողովուրդը. մանաւանդ մե՛ր սփիւռքը, որուն առաջնորդութիւնը կը կատարուի Ամերիկայէն Քայաալփ Պիւյիւքաթամանի կողմէ: «Թըրքիշֆորում/Աշխարհի  թուրքերու միութիւն` անուան տակ: Համաթրքական այս կազմակերպութիւնը ազերիական կայքէջերուն մէջ շրջագայող գրութիւն մը առնելով` յայտարարեր է, որ ինքնութեան տոմարիս մէջ բուն անունս Պասքըն Օրանեան է (Պասքընի փոխարէն Վազգէնը չեն յիշեր, մտահորիզոն գոյութիւն չունի…) Այս եղբայրակցութենէն մէկը ինծի հետեւեալ նամակը ուղղեր է. «Յարգելի Պասքըն Օրան, այնքան ժամանակ որ քեզի նման տգէտ, հայրենիքի դաւաճան, կարդացածը չհասկցող, ազգին թշնամի եւ օտարներու գործակալներ գտնուին, վերջ պիտի չունենայ այս երկրին եւ ժողովուրդին դէմ «փիճ»-ութիւն ընելը: Եթէ ինծի մարդու պէս պատասխան տաս, քեզի հետ քաղաքավարութեամբ կը թղթակցիմ, այլապէս ձգէ ապրած երկրիդ քաղաքացիութիւնը եւ գնա ու խօսէ ա՛յն երկրին ու ժողովուրդին, որուն կը պատկանիս»:

Միջազգային ե-նամակներու եռուզեռին մէջ բաւական աշխուժ տիկին մը իր խմբակին ուղղած մէկ նամակը ինծի ալ ղրկեր է. հետեւեցէք տրամաբանութեան կապակցութեան. «Հայաստանի մէջ, ապրողներուն պէտք է որ հայաստանցի ըսենք եղեր. շա՛տ լաւ, այդպէս ըսենք: Հայկական արմատներով մե՛ր քաղաքացիները ի՞նչ պէտք է կոչուին. «Հայ» պէտք է կոչուին, ինչպէս որ միշտ կը կոչուին, ճիշդը ա՛յս է: Անոնք «հայ» են, բայց մենք «թուրք» չենք, «թուրքիացի» ենք: Երբ «հայ» ըսուի, ազգայնապաշտ պիտի չհամարուի, սակայն երբ «թուրք» ըսուի, ազգայնապաշտ պիտի համարուի. կը տեսնէ՞ք տրամաբանութիւնը»: Հետեւեալ տողերով կը վերջացնէ գրութիւնը գլխագիրերով. «Հարկ է որ իրենց նախահայրերուն անունով ներողութիւն խնդրեն թուրքերէն. թուրքերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործադրեցին, մեզմէ ներողութիւն պէտք է հայցեն»: Դարձեալ` տարբեր գրութիւն մը. «Տեղահանութիւնը կատարուած է օսմանեան հողերուն մէջ. ասիկա նոյնիսկ տեղափոխութիւն կարելի է համարել. մինչ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայերը խաղաղութեամբ կ՛ապրէին, ինչո՞ւ համար միւս շրջաններու հայերը տեղափոխուեցան, պէտք է մտածել այս մասին. մարդիկ հաւանաբար կեցած տեղերնին չըսին` «Ճամբենք զանոնք»:

2015-ի պատրաստութեան համար Թուրքիոյ յայտարարած ռազմավարութեան անհրաժեշտ ուժի աղբիւրը, ահաւասիկ ա՛յս մարդուժն է: Եթէ Աստուած կամենայ, ասոնցմէ հազար հատը մեր երկրին մէջ պիտի հիւրընկալենք սեպտեմբեր 15-ին, եւ խերով-բարով պիտի սկսինք զօրաշարժը… Ճիշդ ալ Պաքուի մէջ ինկած թուրք զինուորներու նահատակութիւնը խորհրդանշող թուականին, սակայն յիշենք, որ Ազրպէյճան վար առած էր թրքական դրօշները (իրենց սիւներով միասին) նահատակներու նուիրուած յուշահամալիրէն (պարզապէս որովհետեւ նախապէս Պուրսայի մէջ կայացած Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի մրցումին ազրպէյճանական դրօշներուն դաշտ մուտքը արգիլուած էր, Գ.Կ.): Օրհնեալ ըլլայ մեր սրբազան պատերազմը. Աստուած մեզի, օգնական…

Հայացուց`
Գ. Կ.

10 – 5 – 12

Share this Article
CATEGORIES