Անան Կը Պահանջէ Դէտերուն Հաֆէ Մուտք Գործելը Արտօնել
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան պահանջեց միջազգային դէտերուն արտօնել Լաթաքիոյ Հաֆէ շրջանը մուտք գործել: Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հոմսի եւ Հաֆէի ռմբակոծման առնչութեամբ` նշելով, որ «Հոմսի եւ Հաֆէի մէջ ռմբակոծման տակ մնացած մեծաթիւ քաղաքայիններ կան»:
Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ցուի Թիանքայ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք չէ Մեքսիքայի մէջ նախատեսուած Քսաններու խմբակի վեհաժողովի օրակարգին մէջ ներառուի, որովհետեւ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ եւրոպական պարտքերու ճգնաժամին նման միջազգային տնտեսական հարցերու վրայ:
«Հակառակ Սուրիոյ կացութեան շուրջ միջազգային բուռն հետաքրքրութեան, վեհաժողովը զայն քննարկելու յարմար վայրը չէ եւ նախապէս վեհաժողովին ընթացքին քաղաքական ու ապահովական հարցեր չեն քննարկուած եւ հիմա եւս պէտք չէ արծարծուին», ըսաւ ան:
Իսրայէլի սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Եանիր Նաւէ զգուշացուց Սուրիոյ ունեցած քիմիական զէնքերու հսկայական պահեստներուն ներկայացուցած վտանգէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ունեցած հրթիռներէն, որոնք կրնան իսրայէլեան բոլոր տարածքները հարուածել:
Նաւէ նշեց, որ սուրիացիները չեն փոխուած եւ պիտի չտատամսին Իսրայէլի դէմ յարձակում գործելու որեւէ առիթ օգտագործել` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը պէտք է հաշուի առնէ Իսրայէլի պետութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգները:
Միւս կողմէ, Իտլիպ նահանգի բնակչութեան աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ «նոր օսմանցիները» «սէուտ ընտանիքի» եւ «Թանի ընտանիքի» հետ գործակցաբար դէպի Սուրիա զէնքեր եւ մարտիկներ մաքսանենգելու միջանցք մը ապահոված են: Աղբիւրները նշեցին, որ գերարդիական զէնքեր, ինչպէս նաեւ արաբական տարբեր երկիրներէ եկած եւ մարզուած 1200-էն 2000-ի հասնող մարտիկներ Սուրիա մուտք գործած են:
Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ Սուրիոյ բանակը քանի մը օրէ ի վեր դէմ կը դնէ անոնց եւ մեծ վնասներ կը պատճառէ, իսկ թրքական ուղղաթիռներ անոնց վիրաւորները կը փոխադրեն երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած պատերազմի յատուկ դարմանատուներ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չորեքշաբթի օր Իրան պիտի մեկնի` Մոսկուայի մէջ նախատեսուած Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններէն առաջ այդ հարցին եւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ քննարկումներ կատարելու համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ պիտի քննարկուին «Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի կացութիւնները` կեդրոնանալով արաբական աշխարհին եւ Սուրիոյ զարգացումներուն վրայ»:
Մինչ այդ, բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակն ու Սուրիական ազատ բանակը շաբաթավերջին մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնին մէջ առաջին անգամ ըլլալով 12 ժամ տեւողութեամբ բախում մը ունեցած են: Ըստ տեղեկութեանց, հակամարտող կողմերը հիմնականին մէջ օգտագործած են հրազէն ու նռնակներ, բանակը նաեւ զրահապատ մեքենաներ օգտագործած է: Ճակատամարտը աւարտած է առանց յաղթող կողմի: Մինչեւ հիմա նման միջադէպեր եղած են միայն Սուրիոյ մայրաքաղաքի ծայրամասերուն եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Ըստ օրաթերթին, շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ նաեւ տեղի ունեցած է առեւտրականներու գործադուլ, որուն մասնակցած են քաղաքի խանութներու եւ կրպակներու շուրջ 90 առ հարիւրին սեփականատէրերը: Անոնք դժգոհութիւն յայտնած են երկրին մէջ շարունակուող ճգնաժամին պատճառով զբօսաշրջութեան ու տեղական գնողներուն «գրպանին հարուած հասցուցած» իրավիճակին կապակցութեամբ, ինչ որ իր կարգին «կը հարուածէ իրենց գրպանն ու առեւտուրը»:
ԱՖՓ կը նշէ, որ նոր շաբաթը դարձեալ սկսած է մարտերով: Ըստ լրատու գործակալութեան, Ռասթան քաղաքի հերթական գրոհին ընթացքին բանակը օգտագործած է զրահապատ մեքենաներ եւ մարտական ուղղաթիռներ, իսկ Հոմսի մէջ երկու վայրկեանը անգամ մը պայթումներ կ՛որոտան:
Նշենք, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ մինչեւ օրս հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը կը հասնի հինգ հազարի:


