Թրքական «Էն. Թի. Վի.»-ի Հետ Զրոյցի Մը Ընթացքին Յունաստանի Ծայրայեղ Աջակողմեաններու Ղեկավարը Կը Պահանջէ Պոլիսը Վերադարձնել
Յունաստանի ծայրայեղ աջակողմեան «Ոսկեայ արշալոյս» կուսակցութեան ղեկավար Նիքոս Միխալոլիաքոս թրքական «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ապագային յոյները պէտք է ազատագրեն իրենց հնագոյն մայրաքաղաքը` Պոլիսը:
Թուրք թղթակիցի այն հարցումին, թէ «իսկ դուք իրապաշտ կը նկատէ՞ք Պոլսոյ մէջ կառավարում իրականացնելը` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ այնտեղ շուրջ 15 միլիոն թուրք կ՛ապրի եւ միայն երեք հազար յոյն», Միխալոլիաքոս պատասխանած է. «Հրեայ ժողովուրդը իր պետութիւնը վերականգնեց 1948-ին, ատոր կործանումէն հազարաւոր տարիներ ետք: Ես չեմ ըսեր, որ մենք կը պատրաստուինք Պոլիսը գրաւելու, սակայն մենք չենք կրնար մոռնալ այն մասին, որ հելլենիզմը Անատոլուի մէջ հազարամեայ պատմութիւն ունի»:
CATEGORIES Միջազգային


