Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովը
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ այսօր` երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին:
30 հոգիներէ բաղկացած ներկայ վարչութիւնը ընտրուեցաւ անցեալ տարի` Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համաժողովին կողմէ: Ժողովին օրակարգին վրայ կը գտնուին վարչական, տնտեսական, ծրագրային եւ այլ բազմաթիւ հարցեր:
CATEGORIES Գաղութային

