Պարաքեթ Պատուեց Յակոբ Խաչերեանը` Եահշուշի Մէջ

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, Եահշուշի իր բնակարանին մէջ յատուկ ճաշ մը սարքելով, պատուեց Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանը:

Քեսրուան – Ֆըթուհի մէջ գտնուող անոր բնակարանին մէջ տեղի ունեցած այս ճաշին հրաւիրուած էին նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներէն ոմանք:

Յաջողութիւն եւ մնայուն վերելք մաղթելէ բացի, Պարաքեթ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Խաչերեանի, որ իր կարգին ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլին ֆետերասիոնի նախագահին թափած ճիգերը մեծապէս գնահատեց եւ անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES