Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ` 98-69 Արդիւնքով

Երէկ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան առաջին օրուան մրցումները:

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ առաջին մրցումին ճակատեցաւ Սուրիոյ դէմ, 98-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 27-18, 46-33, 75-53 եւ 98-69: Լիբանանէն բաւական տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ Ֆետի Խաթիպ` նշանակելով 31 կէտ:

Այս յաղթանակէն ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շնորհաւորեց հաւաքականին մարզիկները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Այսօր Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:00-ին ճակատելով Եմէնի դէմ:

Նշենք, որ առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը (ծանօթ` Սթանքովիչի բաժակ անունով): Այդ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ճափոնի մէջ` յառաջիկայ սեպտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES