Ժահժահ. «Կը Մերժենք 1960-Ի Ընտրական Օրէնքը Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Յարգելու Ընտրական Ժամկէտերը»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Աքքարի Մումնեհ գիւղաքաղաքէն պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ պէտք է յարգել ընտրական ժամկէտերը, որոնք ճշդուած են սահմանադրութեամբ:
Ժահժահ դիտել տուաւ, որ անկարելի է մերժել, ջնջել կամ յետաձգել յառաջիկայ ընտրութիւնները, այն համոզումով, որ իշխանամէտ կողմերն են, որոնք կը միտին այդ ձեւին դիմել` մղուած այն մտավախութենէն, որ իրենց համար ընտրութիւնները կրնան ժխտական արդիւնքներ ունենալ:
Ժահժահ շեշտեց, որ հակառակ տիրող այս կացութեան, Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի փայլուն ապագայ: Ան կոչ ուղղեց աքքարցիներուն մնալու իրենց հողին վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

