Մանսուր Ընդունեց Մաւրոմմաթիսը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսը, որ Մանսուրի յանձնեց կիպրացի իր պաշտօնակիցէն նամակ մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի յատուկ տնտեսական գօտիին եւ երկկողմանի շահերուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մաւրոմմաթիս յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած են լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Ծովային սահմանագծումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաւրոմմաթիս յայտնեց, որ իրենք քննարկած հարցերուն շրջագիծին մէջ անդրադարձած են նաեւ այդ հարցին` աւելցնելով, որ այդ իմաստով իրենք կը սպասեն լիբանանեան կողմին պատասխանին:
Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումը սրբագրելու մասին ուղղուած հարցումի մը Մաւրոմմաթիս հետեւեալ ձեւով պատասխանեց. «Նախընտրաբար նախարար Մանսուր պատասխանէ այդ հարցումին»:


