«Երկրին Կացութիւնը Բաւական Մտահոգիչ Է» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը կրնայ պէտք եղած արդիւնքին չյանգիլ, եթէ անոր արդիւնքները կարելի չըլլայ արտաքին աշխարհին ծանուցել:

Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք կը հաւատայ Ազգային երկխօսութեան նիստին կարեւորութեան` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մէջ պետութիւն գոյութիւն չունի, այլ` միլիսներ, որոնք կը գործեն լիբանանեան պետութեան ընդմէջէն:

«Երկրին կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ եւ բաւական մտահոգիչ է: Հոս պէտք է ըսել, որ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնները պատասխանատու են հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին բոլոր կարիքներուն հասնիլ եւ զայն հզօրացնել` գնահատելով այն իրականութիւնը, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այս կամ այն քաղաքական կողմին չի պատկանիր, «մինչդեռ պարագան նոյնը չէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES