Սպանիոյ Դեսպանը Վարչապետարանէն Կոչ Կ՛ուղղէ Ամրապնդելու Լիբանանեան Բանակը

Դեսպան Կաֆօ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաֆոյի ջանքերը դեսպանութեան ժամանակաշրջանին` նկատի ունենալով, որ սպանացի դեսպանին այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումէն ետք Կաֆօ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է Միքաթիին` անոր գործակցութեան համար եւ շեշտեց, որ Միքաթիի յանձնած է Սպանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ այնպիսի պատգամներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն երկրին մէջ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու:

Կաֆօ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին, որ լաւ եւ դրական նախաձեռնութիւն է:

Կաֆօ շեշտեց, որ պէտք է հզօրացնել լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակը:

Share this Article
CATEGORIES