Սլէյման Ահմետ Վերադարձաւ Ուատի Խալետ

Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ Սլէյման Ահմետի առեւանգումին եւ այս արարքին իբրեւ պատասխան 9 ալեւիներ առեւանգելու հարցը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ:

Ուատի Խալետի բնակիչները փակեցին Պքայաա – Ուատի Խալետ ճամբան` առ ի բողոք Սլէյման Ահմետը առեւանգուած պահելու արարքին:

Ուատի Խալետի բնակիչները սպառնացին նաեւ փակել Թրիփոլիի բոլոր ճամբաները, եթէ Ահմետ ազատ չարձակուի:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի յայտնեց, որ ինք ճիգ չի խնայեր հետապնդելու Սլէյման Ահմետը ազատ արձակելու կարելիութիւնները:

Խուրի նշեց, որ արդիւնքի մը յանգելու պարագային, Ահմետ անմիջապէս պիտի յանձնուի լիբանանեան բանակին, որ իր կարգին զայն պիտի յանձնէ իր ընտանիքին:

Խուրի նախատեսեց, որ քանի մը ժամէն կարելի ըլլայ Ահմետի հարցը լուծել:

Երեկոյեան առեւանգուած լիբանանցի Սլէյման Ահմետ Մասնաայի սահմանը հասաւ եւ յանձնուեցաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES