Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սահմանային Կացութիւնը Հաւասարակշռելու

Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ,  երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, երեսփոխան Միշել Մըր, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Ֆայէզ Հաժ Շեհին:

Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ հաստատեց, թէ իր այդ որոշումը հիմնուած է քաղաքական պատճառներու վրայ:

Տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի անհանգստութեան պատճառով բացակայեցաւ նիստէն, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ճամբորդութեան պատճառով չմասնակցեցաւ նիստին:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ունեցան դռնփակ նիստ մը, որմէ ետք սկսաւ Ազգային երկխօսութեան նիստը:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` Ղասսան Թուէյնիի մահուան յիշատակին առիթով:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման 40 վայրկեան տեւած խօսքի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տիրող շրջանային ընդհանուր իրավիճակին, յատկապէս` Սուրիոյ տագնապին:

Նիստէն ետք նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25 յունիսին` շարունակելու համար նիստին օրակարգերուն քննարկումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ  երկխօսութիւնը որդեգրելու իբրեւ միջոց` քաղաքական, ապահովական եւ տեղեկատուութեան մարզերը հանդարտեցնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային սկզբունքներուն եւ հասարակ յայտարարներուն շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու համար:

«Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ յանձնառու մնալու երկրին ապահովական կայունութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդումին, որպէսզի երկրին կացութիւնը աւելի եւս չվատթարանայ եւ դէպի սադրանքներ չուղղուի` խորացնելով լիբանանեան քաղաքական երկփեղկումը:

«Կը շեշտենք, որ լիբանանցիներուն կողմէ զէնքի դիմելու փորձերը ոչ ոքի կրնայ ծառայել, այլ` բոլորին վնաս կը հասցնէ, սպառնալով նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին ապրուստին, ապագային եւ նորահաս սերունդներուն ապագային:

«Անհրաժեշտ է ամրապնդել նաեւ լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ կառչած մնալ օրէնքին եւ օրինականութեան` որեւէ հարցի լուծման պարագային», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ նիւթական եւ բարոյական առումով բանակը կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը մարմնաւորէ ազգային միասնականութիւնը: Հետեւաբար բանակն է, որ պիտի միջամտէ ապահովական որոշ խախտումներու եւ բանակն է, որ երկրին պետութեան իշխանութիւնը պիտի պարտադրէ` ապահովելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ազգային երկխօսութեան նիստը կարեւոր նկատեց նաեւ դատական իշխանութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը, որպէսզի ան կարենայ առանց խտրութեան արդար վճիռներ արձակել:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ տնտեսական ու ընկերային բարգաւաճման ծրագիրներ մշակելու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ու մտաւորականներուն` վերջ տալու քաղաքական սուր բառամթերքին եւ բոլոր այն արտայայտութիւններուն, որոնք մթնոլորտը կ՛ելեկտրականացնեն եւ համայնքային թէ յարանուանական  գրգռութիւններ կը հրահրեն:

«Կոչ կ՛ուղղենք դիմելու բոլոր այն քայլերուն, որոնք կը ծառայեն լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հզօր կը պահեն թշնամի Իսրայէլի դէմ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան սկզբունքին:

Ազգային երկխօսութեան նիստը շեշտեց շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն Լիբանանը չէզոք պահելու անհրաժեշտութիւնը` անկէ հեռու պահելու համար իր վրայ այդ տագնապներուն ունենալիք հետեւանքները: «Անշուշտ պաղեստինեան հարցն ու արդար դատը այդ տագնապներուն նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքին մաս չեն կազմեր», նշուեցաւ նիստին կողմէ:

Ազգային երկխօսութեան նիստը կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային կացութիւնը հաւասարակշռելու եւ մերժեց Լիբանանի մէջ անջատման գօտի ստեղծելու փորձերը, ինչպէս նաեւ կտրականապէս մերժեց այն արարքները, որոնց հիման վրայ Լիբանանը կ՛օգտագործուի դէպի Սուրիա զէնք փոխադրելու նպատակով:

Ազգային երկխօսութեան նիստը շեշտեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը եւ կարեւոր նկատեց այլ բանաձեւերու, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նախկին նիստերէն բխած որոշումներուն գործադրութիւնը:

Ազգային երկխօսութեան նիստէն բխած այս հաղորդագրութիւնը նկատուեցաւ յայտարարութիւն մը, որմէ անշեղ պիտի մնան լիբանանեան բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ, որ անկէ օրինակներ պիտի ուղարկուին Արաբական լիկային եւ ՄԱԿ-ին:

Նշենք, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան առաջին նիստը տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, որմէ ետք ներկաները կարճ դադարէ մը ետք` երկրորդ նիստով մը շարունակեցին իրենց հանդիպումը:

Share this Article
CATEGORIES