Երեսփոխան Բագրատունիի Խօսքը` Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Երէկուան Ազգային երկխօսութեան նիստին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի իր այս հրաւէրին համար, ապա շեշտեց, որ թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ թէ՛ պլոքին համար երկխօսութիւնը միշտ եղած է Լիբանանի քաղաքական եւ այլ հարցերու լուծման միակ միջոցը: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բոլոր կողմերը պարտին հաւաքական կերպով մերժել զէնքի գործածութիւնը եւ երկխօսութիւնը նկատել խնդիրներու լուծման միակ միջոց:

Այս ուղղութեամբ, Բագրատունի վերյիշելով արեւմտեան դեսպանի մը` լիբանանցիք հասած են «չափահասութեան տարիքին» եւ հետեւաբար կրնան լուրել իրենց հարցերը հաստատումին այն պատասխանը, որ «այո՛, լիբանանցիք չափահաս են իրենք զիրենք քանդելու», ըսաւ, որ արտաքին աշխարհէն ոչ մէկ օժանդակութիւն պէտք է ակնկալել, այլ մենք պարտաւոր ենք առանձնաբար լուծել մեր խնդիրները:

Ապա Բագրատունի առաջարկեց որդեգրել հետեւեալ սկզբունքները.

– Երկրի ապահովութիւնը առաջնակարգ խնդիր է: Զինեալ ուժերը կարմիր գիծ են եւ կարելի չէ համաձայնութեամբ ապահովութիւն կիրարկել:

– Անհրաժեշտ է հաստատութիւնները ուժեղացնել` ապահովելու համար պետութիւնը: Կառավարութիւնները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, սակայն երբ հաստատութիւնները կը հարուածուին, պետութիւնն է, որ քանդումի կ՛ենթարկուի:

– Ոչ մէկ ուժ կը փափաքի Լիբանանի մէջ համաձայնութիւն: Իսրայէլ գոհ է արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ ներքին բախումներէն: Ինք միակ օգտուողն է այս կացութենէն: Հազիւ թէ Հալէպի մէջ առեւանգեալներու գծով ներքին համաձայնութիւն գոյացաւ, թակարդ լարուեցաւ եւ խնդիրը վերածուեցաւ շրջանային հարցի:

– Պարտաւոր ենք մեր կեցուածքներուն մէջ համեստ ըլլալ: Բոլորս ալ բարձր ձայն ունինք եւ աւելի կամ նուազ չափով կրնանք ժողովուրդ հրահրել: Չենք կրնար քաղաքական մեր յայտարարութիւնները հասցնել չափազանցութեան այնպիսի մակարդակի, որ վնասէ երկրին միութեան: Այս իմաստով, ժողովրդավարութեան անուան տակ չենք կրնար շահագործումի առիթ տալ օտար ուժերու:

– Ժողովուրդի ընկերային եւ ապրուստի հարցերը իրաւունք չունինք քաղաքականացնելու: Հացի կապը, ելեկտրականութիւնը, ջուրը, զտարանը կը ծառայեն թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի ուժերուն: Քաղաքացիները, ինչ կողմի ալ պատկանին, նոյն տառապանքները կ՛ապրին: Հեռու մնանք քաղաքացիին հացը քաղաքական մեր հաշիւներուն ենթարկելէ:

– Դիմադրութեան զէնքը Իսրայէլի դէմ է: Ցաւալի էր, որ տարբեր պատճառներով ան մէկ անգամ գործածուեցաւ ներքին ճակատի վրայ: Այս մէկը օրէնք չէ, այլ բացառութիւն, հետեւաբար իբրեւ այդպիսին պէտք է զայն նկատի ունենալ իբրեւ Իսրայէլի դէմ ուղղուած զէնք:

– Սուրիական հարցով բաժնելով կառավարութեան որդեգրած հարցերէն հեռու մնալու վարքագիծը, անհրաժեշտ է զայն վերածել համալիբանանեան կեցուածքի:

Մենք մէկ ձեւով կրնանք ազդել Սուրիոյ դէպքերուն վրայ: Ընդհակառակն` այդ հարցերը կ՛ազդեն Լիբանանի վրայ, իսկ ամէն պարագայի խնդիրը պետութեանց կռիւ է եւ շրջանին մէջ նոր բաժանում յառաջացնելու ճիգ: Այս հարցին մէջ մենք պարտինք պաշտպանել Լիբանանը եւ խաղալիկ չդառնալ այլոց:

– Չէզոքութեան խնդիրին կապակցաբար, իբրեւ հայ համայնքի եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, մենք լաւապէս ծանօթ ենք դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, որ կը սիրենք կոչել յանձնառու չէզոքութիւն: Այլ խօսքով` պաղեստինեան հարցին զօրակցելու կողքին, Լիբանան յանձնառու կ՛ըլլայ չէզոքութիւն պահպանել այլ հարցերու կապակցաբար, որպէսզի վտանգը ամէն գնով հեռացնէ Լիբանանէն եւ լիբանանցիէն:

Լիբանանցի քաղաքացին լուրջ ակնկալութիւններ ունի այս ժողովէն եւ քաղաքական կողմերէն: Չենք ուզեր հասնիլ հոն, ուր պիտի իշխենք աւերակներու վրայ: Լիբանանցին չի ներեր մեզի, եւ մենք պատմական պատասխանատուութեան դիմաց ենք:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES