Ըստ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանի Մը Ազրպէյճանի Զինուորներու Պատրաստուածութեան Մակարդակը Բարձր Չէ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուրտեթ Հասանկուլիեւ ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը եւ ազրպէյճանական բանակի կորուստները ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի բանակին մէջ լրացուցիչ աշխատանքներու պէտք կայ:
Ան յայտարարած է, որ թէեւ միշտ ազրպէյճանական բանակը ուժեղացնելու մասին կը խօսուի, սակայն շփման գիծին վրայ իւրաքանչիւր բախումէ ետք ազրպէյճանական բանակին մէջ կորուստները կ՛աւելնան:
«Ատիկա կը վկայէ այն մասին, որ զինուորներու պատրաստուածութեան եւ մարտական արդիւնաւէտութեան մակարդակը բարձր չէ: Այդ գործը քսան տարուան ընթացքին կազմակերպել չկրցողները պէտք է հեռացնել: Խօսքը բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին է, որովհետեւ այնտեղ պէտք է ըլլայ աւելի ունակ անձնակազմ, որուն անդամները Թուրքիոյ կամ ՕԹԱՆ-ի անդամ այլ երկիրներու մէջ ուսանած են», ըսած է ան:
Նշենք, որ երէկ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ ազրպէյճանցի երկու գնդապետներ վիրաւորուած են: Ազրպէյճանական կողմը դարձեալ յայտարարած է, որ զինուորները վիրաւորուած են ականի վրայէն անցնելու պատճառով: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ասիկա ազրպէյճանական բանակի հերթական նման «դժբախտ պատահարն» է:


