«Կովկասի Մէջ Հաշտութեան Շնորհիւ Ազրպէյճանի Բռնագրաւուած Հողամասերը Պիտի Ազատագրուին Եւ Անցեալը Պիտի Մոռցուի» Կը Յայտարարէ Կիւլ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրբաթ օր այցելած է Պայազիտ եւ Իգտիր: Ան Իգտիրի մէջ ժողովուրդին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Կովկասի մէջ ի վերջոյ մնայուն խաղաղութիւն պիտի հաստատուի:

Կիւլ ըսած է, որ «Թուրքիա շատ կ՛աշխատի, որպէսզի Կովկասի մէջ վերջնական կայուն հաշտութիւն հաստատուի: Մեր տարած այս աշխատանքին մէկ մասը ձեզի ծանօթ է, մէկ մասն ալ ծանօթ չէ: Երբ այս հաշտութիւնը հաստատուի Աստուծոյ կամքով, Ազրպէյճանի բռնագրաւուած բոլոր հողամասերը պիտի ազատագրուին, Աստուծոյ կամքով փոխադարձաբար պիտի մոռցուի անցեալը, եւ միասնաբար պիտի նայուի դէպի ապագայ: Կովկասը դէպի Ասիա բացուող դուռ մը պիտի դառնայ: Այն ատեն պիտի տեսնէք, որ ձեր այս հողատարածքը որքա՛ն հմայիչ պիտի դառնայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES