Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Օսկանեանը Հրաւիրած Է «Փողերու Լուացման» Գործով Ցուցմունք Տալու

Վարդան Օսկանեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, 5-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան տարածած է յայտարարութիւն, ըստ որուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զինք հրաւիրած է իբրեւ վկայ ցուցմունք տալու` «յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները օրինականացնելը (փողերու լուացումը)» յօդուածի յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործին ծիրին մէջ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զիս իբրեւ վկայ հրաւիրած էր ցուցմունք տալու Քրէական օրէնսգիրքի 190-րդ յօդուածի 3-րդ կէտի («յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները օրինականացնելը (փողերու լուացումը)») յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործին ծիրին մէջ, որ կ’առնչուի ինծի եւ իմ հիմնադրած «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի գործունէութեան: Հիմնադրման օրէն` «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի գործունէութիւնը եղած է թափանցիկ եւ օրէնքի տառին ու ոգիին համապատասխան: «Սիվիլիթաս»-ի գործունէութեան առաջին օրերէն` 2008-էն սկսեալ` հիմնադրամը ֆինանսաւորած եւ անոր հետ համատեղ ծրագիրներ իրականացուցած են Հոլանտայի եւ Լեհաստանի կառավարութիւնները, Նորվեկիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները, Զուիցերիոյ եւ Բրիտանիոյ զարգացման գործակալութիւնները, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը, ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակը, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր այլ կազմակերպութիւններ, ընկերակցութիւններ եւ անհատներ: Այս ամէնուն մասին չէին կրնար չիմանալ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան կառոյցները: Ինծի համար զարմանալի եւ տարօրինակ է, որ իմ եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի գործունէութիւնը որեւէ կերպ կրնայ շաղկապուիլ յանցաւոր եւ անօրինական դրամներու հետ: Առաւել զարմանալի է, որ նման հարց ներկայացուած է այն ժամանակ, երբ ես ներգրաւուած եմ քաղաքական գործընթացներուն մէջ:

Ակնյայտ է, որ յարուցուած քրէական գործին ետին քաղաքական պատուէր կայ»:

Օսկանեան այս միջադէպին առնչութեամբ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ նաեւ ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ի հարկէ ասիկա իմ քաղաքական պայքարի պատկերացուցած ձեւը չէ, սակայն ասոր ալ պատրաստ եմ»:

Share this Article
CATEGORIES