ՕԹԱՆ Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կոչ Կ՛ուղղէ
Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ երէկ Թիֆլիսի մէջ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ ղարաբաղեան տագնապի լարուածութիւնը մեղմացնելու կոչ կ՛ուղղէ:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրադարձութիւններուն եւ կը նշենք, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ դիմակայութիւնը կտրուկ սրած է, որուն կապակցութեամբ կը յայտնենք մեր անհանգստութիւնը», ըսած է ան:
Ափաթուրայ ընդգծած է, որ ՕԹԱՆ թէեւ չի մասնակցիր ղարաբաղեան տագնապի լուծման, սակայն կ՛աջակցի խնդրով զբաղուող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին:
«Մենք դէմ ենք (շփման գիծին վրայ) լարուածութեան, որ իր կարգին աւելի կը սրէ շրջանին մէջ իրավիճակը: Մենք երկու կողմերու պահանջներուն բաւարարումով խաղաղ լուծման կողմ ենք», ըսած է ան:


