ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Այցելեցին Գնդակոծուած Չինարի Գիւղ

ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 10 յունիսին այցելած է վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմի թիրախը դարձած եւ գնդակոծուած Չինարի գիւղ:

Այցելութեան նպատակը Չինարի գիւղի բնակիչներուն զօրակցութիւն յայտնելն էր եւ ցոյց տալ, որ չինարցիները մինակ չեն: Երիտասարդներուն հետ գիւղ այցելած են նաեւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կանգառը գիւղի մշակոյթի տունն էր, ուր մանկապարտէզի երեխաներուն համար կազմակերպուած էր երգի, պարի եւ նկարչութեան ծրագիր: Չինարի մանկապարտէզին մէջ կայ 18 երեխայ, իսկ գիւղի` Վահրամ Սաղոյեանի անուան դպրոցը ունի 140 աշակերտ:

Երեխաները ՀԵՄ-ականներուն հետ երգած են ազգային երգեր, սորված ու պարած ազգային պարեր եւ զբաղած նկարչութեամբ:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են գիւղի բնակչութեան հետ եւ քննարկած զանոնք յուզող խնդիրները: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանին ըսած է, որ կը հպարտանայ տեղւոյն համայնքով. «Չինարի գիւղը խորհրդանշում է Հայաստանի բոլոր սահմանամերձ գիւղերը: Այստեղ կայ հոյակապ համայնք, դա երեւում է թէ՛ մանուկի, թէ՛ տարեցի աչքերում: Մեզանից սպասէք աջակցութիւն թէ՛ սահմանին, թէ՛ Ազգային ժողովում», ընդգծած է Մինասեան:

Երեկոյեան կողմ գիւղի բնակիչներուն համար համերգով հանդէս եկած են Դաւիթ Ամալեանն ու Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Մկրտիչ Մկրտչեանը:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արարատեան հայրապետական թեմի ներկայացուցիչ Տաճատ Ա. քհնյ. Դաւիթեան:

Share this Article
CATEGORIES