Իսրայէլի Քնեսեթը Այսօր Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային քննարկում տեղի պիտի ունենայ:
Նախաձեռնութեան հեղինակը ընկերվարական «Մերեց» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զահաւա Կալ-Օնն է: Քննարկումէն ետք հարցը պիտի տեղափոխուի Քնեսեթի տարբեր յանձնախումբերու օրակարգ:
Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի մէջ աշխուժացած են 97 տարի առաջ տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան մասին խօսակցութիւնները, ինչ որ պայմանաւորուած է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումով:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Քնեսեթը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Դեկտեմբեր 2011-ին Քնեսեթի կրթութեան յանձնախումբը այդ հարցով բաց քննարկում կազմակերպած էր: Օրին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը ներկայացուցած էր նախարարութեան բացասական դիրքորոշումը: Անոնք օրինագիծին որդեգրման դէմ արտայայտուած էին` նշելով, որ անիկա պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
«Մեր յարաբերութիւնները շատ զգայուն են հիմա, եւ մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք: Նման որոշում կրնայ շատ լուրջ ռազմավարական հետեւանքներ ունենալ», ըսած էր նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Քնեսեթի նախագահ Ռիվլին նոյնպէս նշած էր, որ օրինագիծին Քնեսեթի մէջ յայտնուիլը թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ տիրող իրավիճակին առնչուած չէ: Ան յիշեցուցած էր, որ 1988-ին Հայկական ողբերգութեան յիշատակի օր հռչակելու վերաբերեալ առաջարկ եղած էր:


