Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Չինաստանի Ընդհանուր Դատախազը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի ընդհանուր դատախազ Ցաօ Ծիանմինը:
Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումէն ի վեր երկկողմանի յարաբերութեանց բարձր մակարդակը` անոր վկայութիւնը նկատելով տարբեր մարզերու մէջ, ներառեալ` իրաւապահպանութեան, հայ-չինական զարգացող համագործակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու այդ հոլովոյթը:
CATEGORIES Հայկական


