Ռուսիա Հայաստանի Վերեւ Իր Պատերազմական Օդանաւերուն Թռիչքներուն Թիւը Կ՛աւելցնէ

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ռուսական բանակի բանբեր մը շաբաթ օր յայտնած է, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերը Հայաստանի վերեւ իրենց մարզումի թռիչքներուն թիւը աւելցուցած են: «Նիւ Եորք Թայմզ» այս իրողութիւնը կը նկատէ զգուշացումի յստակ պատգամ մը, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բռնարարքներու յաւելեալ մագլցումին պարագային Ռուսիա կրնայ միջամտել:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ռուս զինուորական բանբեր գնդ. Իկոր Կորպուլ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական պատերազմական օդանաւերը 2012-ի սկիզբէն ի վեր մարզումի 300 թռիչքներ կատարած են եւ թռիչքներու ժամերը անցեալ տարուան համեմատ 20 առ հարիւրով աւելցուցած են:

Գնդ. Կորպուլ յայտնած է, որ հալածիչներու ռուս օդաչուները ճակատամարտի կը պատրաստուին: «Օդաչուական ճարտարութիւններ կատարելու գլխաւոր նպատակը զանոնք օդային իսկական ճակատումի պայմաններու մէջ գործադրելն է», նշած է ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES