Ակնարկ. Նոր Մօտեցումներէն Ետք Նոր Քայլեր
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կովկասեան այցելութեան սկիզբին եւ աւարտին հետ համընթաց սաստկացան եւ աւարտեցան հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ազրպէյճանական յարձակողականութեան վերջին դրսեւորումները: Ի հարկէ այս մէկը չի նշանակեր, որ վերջնական անդորր հաստատուած է շփման գիծին վրայ. բոլոր պատճառները կան համոզուած ըլլալու, որ հրադադարի խախտումի ազրպէյճանական փորձերը հետեւողական շարունակութիւն եւ որոշ մակընթացութիւններ ունենան, քաղաքական կարեւոր հանգրուաններու նախօրեակին եւ ընթացքին: Ճիշդ այնպէս ինչպէս եղաւ ամերիկացի թիւ մէկ դիւանագէտին շրջան այցելութեան:
Այդ առիթով նախարար Քլինթընի կատարած յայտարարութիւններուն ամէնէն ուշագրաւ բաժինը շուտով Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն ամերիկեան նոր մօտեցումներու օրակարգին վրայ յայտնուիլը պիտի ըլլայ: Գուցէ նորա-նորացուած մատրիտեան սկզբունքներ տարազին տակ: Անշուշտ չեն մանրամասնուած եւ պարզաբանուած այդ նոր մօտեցումները:
Արցախեան թղթածրարին առընթեր, յայտնաբար նոր մօտեցումները վերապահուած են նաեւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն համար: Այս անգամ Հայաստանի մէջ գործող դեսպան Ճոն Հեֆըրնն է, որ թրքական մամուլին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին այդ թղթածրարին ուղղութեամբ կ՛առաջարկէ երեք նոր նախաձեռնութիւններու դիմել Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բարելաւման համար:
Ըստ դեսպանին`
Ա.- Անհրաժեշտ է վաւերացնել Անգարա-Երեւան արձանագրութիւնները:
Բ.- Բանալ Կարս-Գիւմրի երկաթուղային ճանապարհը:
Գ.- Նպաստել լրագրողներու, ուսանողներու եւ գործարարներու փոխանակման:
Այս երեք կէտերու իրականացման ժամկէտը դեսպանին կողմէ նկատի առնուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը (անշուշտ` առանց Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումին):
Պահ մը եթէ փորձենք զուտ ամերիկեան շահագրգռուածութեան դիտանկիւնէն վերլուծել առաջարկները, ապա բնականաբար կը մտածենք, որ ո՛չ 100-ամեակը, ո՛չ ալ ուսանողներու փոխանակումն են, որոնք Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շահերէն կը բխին: Խնդիրը նախ եւ առաջ իրանեան ելքին հակակշռումի միտող անհրաժեշտութեան կը վերաբերի: Հետեւաբար առաջին եւ երրորդ կէտերը միջոց են երկրորդի իրականացման համար: Եւ այստեղ ամբողջ սահմանագիծի բացումին մասին չէ խօսքը. ձեւով մը միջանկեալ լուծում` երկաթուղային անցք ստեղծելու եւ փոխադարձ ուղղակի, առանց այլ միջնորդաւորուած եղանակի, ապրանքաշրջանառութեան ձեռնարկելու: 100-ամեակի նշումը` դեսպանին կողմէ, այստեղ որեւէ բարոյական նշանակութիւն չունի. պարզապէս ժամանակի մէջ տեղաւորուելու եւ քայլերու իրականացման ժամկէտը անորոշ չձգելու մօտեցումին համար օգտագործուող թիւ է: Իսկ երկրորդ կէտին թրքական բաւարարումը ակնկալելը լուռ յետադարձ յիշեցում ունի. Ուաշինկթընը կրնայ յիշեցնել Հայաստանին սեւծովեան ելք տրամադրելու ուիլսընեան պարտքը, որ ըստ թրքական մամուլին, նախավերջին այցելութեան ընթացքին Անգարայի վարիչներուն յիշեցուցած էր նախարար Քլինթըն:
Դեսպան Հեֆըրնը միջանկեալ չէ մոռցած խօսելու նաեւ արցախեան հիմնահարցին մասին. «Լեռնային Ղարաբաղը իսկապէս կարեւոր հարց է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի համար: Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ստեղծուած կարգավիճակը երկու կողմերուն համար ալ անընդունելի է: Այս հարցի լուծման խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ: Միացեալ Նահանգները կը կարծեն, որ դիւանագիտութիւնը` հաշտութեան տանող ճիշդ ճանապարհ է»:
Դեսպան Հեֆըրնի այս հաստատումին առաջին եւ երրորդ բաժինները աւելորդաբանութիւն են: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Արցախի հարցը կարեւոր չըլլար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար: Կրնա՞յ ըլլալ, որ ոեւէ դիւանագէտ հարցի լուծման համար դիւանագիտական ճանապարհէն զատ այլ ուղի մատնանշէր:
Պատգամը` առաջին եւ երրորդ աւելորդաբանութիւններուն միջեւ տեղաւորուած է: Վերջին իրադարձութիւնները, կարգավիճակին անընդունելիութիւնը կը նախանշեն, որ նոր մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը կայ կացութիւնը բարելաւելու համար: Աւելի առջեւ չէ գացած դեսպան Հեֆըրնը, որովհետեւ յայտնապէս իր պատասխանատուին վերապահուած էր այդ մասին բացայայտում կատարելն ու առհասարակ այդ գաղափարը հրապարակ նետելը:
Հայ-թուրք յարաբերութիւնները աննախապայման նկատող ուաշինկթընեան պաշտօնական կեցուածքը արտայայտող դիւանագէտը հարցերուն փոխկապակցուածութեան տեսութիւնը գործնապէս կը կիրարկէ այս ձեւով: Կարգավիճակի անընդունելիութիւն եւ նոր մօտեցումներ` արցախեան ուղղութեան վրայ, որմէ ետք եւ մինչեւ երեք տարի` Կարս-Գիւմրի երկաթուղիի բացում: Երեք քայլ` երեք տարուան ընթացքին: Փարիզի հանդիպումին պէտք է սպասել իմանալու համար, որ Միացեալ Նահանգները քանի՞ քայլ կը սպասեն կողմերէն եւ քանի՞ տարուան ընթացքին:
Բանակցող կողմերէն առաջ սակայն, միջնորդող կողմերը պէտք է համաձայնին առաջարկուած նոր քայլերուն կամ նոր մօտեցումներուն շուրջ: Շատ ժամանակ չունին. հազիւ 6 օր…:
«Ա.»

