50 Տարի Առաջ ( 13 Յունիս 1962 )

Նոր Տօնակատարութեան Մը Առթիւ

«Հայրը» Ի Պատուի

Հայր եւ մայր առանձին հանգամանքներ են, սակայն երբե՛ք առանձին միաւորներ: Մէկը միւսին լրացուցիչն է, մէկը միւսը կը պայմանաւորէ: Կեանքի գոյութիւնը, կեանքի յարատեւութիւնը այս աշխարհին վրայ երկուքին լծակցութեամբ կ՛երաշխաւորուի, ինչպէս նաեւ` ընկերութեան առողջ հիմքերու կերտումը եւ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութիւնը:

Սակայն, հինէն ի վեր, սովորութեան մէկ նուիրականացումով մայր դառնալը միշտ ալ նկատուած է սուրբ գործ, եւ արժանացած արդարօրէն` կրօնականներու թէ աշխարհականներու, մասնաւորներու թէ հաւաքականութեան պաշտպանութեան եւ վարկի ու փառքի ընծայաբերումին:

Անուրանալի էր մօր մը, կեանքն իսկ վտանգելու գնով, զաւակի մը ծնունդ տալու չարչարանքը, զայն հոգալու, կրթելու եւ մեծցնելու համար ըրած զոհողութիւններն ու զրկանքը, բայց անշուշտ առանձինը չէ ան ընտանեկան լուծը կրելու ճիտի սուրբ պարտքին մէջ եւ իրեն անմիջական գործակից ունի միշտ իր ամուսինը, հայրը: Եւ արդեօ՞ք նուազ ծանր պարտականութիւններ կ՛ենթադրէ հայրանալը, կը պահանջէ նուա՞զ անձնուրացութիւն, մանաւանդ` արդի ընկերութեան հետզհետէ դաժան դարձող պայմաններու մէջ:

Որքան ալ մայրը, անփոխարինելի տեղն ու դերը ունենայ ընտանեկան յարկին տակ, դարձեալ հայրն է, ընտանիքի տէր իրակա՛ն հայրը, որ պիտի ապահովէ ընտանիքին նիւթական ապահովութիւնը, բարոյական խաղաղութիւնը, ղեկավարէ առօրեան եւ ծրագրէ ապագան: Հայրը թեւերն է ընտանիքին, որով, ընկերութեան այդ միաւորը, կրնայ թռչիլ հեռուները ու թառիլ պայծառ ու դալար կատարներու վրայ:

Ճիշդ է որ մանուկ մը, մասնաւորաբար` իր առաջին եւ երկրորդ մանկութեան շրջանին, կը մեծնայ մօրը շուքին, կը վայելէ անոր յարատեւ խնամքն ու գուրգուրանքը եւ կը կրէ անոր ազդեցութիւնը, սակայն, որքան ալ հայրը, գործին բերումով, բացակայի տունէն, իր անխուսափելի դրոշմը կը դնէ զաւկին նկարագրի կերտումին ու կ՛ազդէ անոր վարք ու բարքին վրայ: Զաւակ մը, ընդհանրապէս, աւելի կը պատկառի հօրմէն եւ մօրը հանդէպ սնուցած սիրոյն ու խանդաղատանքին զուգահեռ` ջերմ ու ներընկալ յարգանքի ու սիրոյ զգացական լարով մը կը կապուի հօրը:

Ատոր համար է թերեւս, որ գերմանացի գրող Նովալիս կ՛ըսէ. «Զաւակ մը ո՞ւր աւելի ապահովութեամբ կրնայ ննջել, եթէ ոչ` հօրը սենեակին մէջ»:

Արուեստագէտներ ու գրագէտներ նկարով, քանդակով թէ քերթուածով, հաւասարապէս գովերգած ու փառաբանած են աստուածահաճոյ հայրութիւնն ու մայրութիւնը: Հաւաքականութիւնն ալ պատուած է մայրը զանազան առիթներով եւ տարին անգամ մը հանդիսութեամբ կը տօնէ «Մայրերու օրը»:

Արդար եւ տեղին կը նկատուի հետզհետէ հայրանալն ալ գնահատելու եւ քաջալերելու աներկբայելի իրաւունքը, երբ մանաւանդ շատեր ընկերութեան պայմաններէն եւ ներքին քաջութեան պակասէն ընկճուած մտահան կ՛ընեն ընտանիք մը կազմելու ազգանուէր եւ մարդավայել գաղափարը: Ու ահա` «Մայրերու օր»-ուան առընթեր տակաւ կը հաստատուի «Հայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը, կարծես քաջալերելու հայր դառնալու նուիրական պարտականութիւնը եւ անփոխարինելի հաճոյքը:

Եւ յետոյ` տօնակատարութիւն չի նշանակեր միայն ու անպայման փառաբանանք: Հաւաքականութեան առջեւ սարքուած հանդիսական արարքները առիթը կ՛ըծայեն պարտականութեանց ճամբուն վրայ յիշեցումներ կատարելու, թերութիւններ մատնանշելու եւ սրբագրում եւ ինքնակերտում թելադրելու:

Նման մտահոգութիւններէ խթանուած է, կը կարծենք: Ս. Նշան Ազգ. բարձրագոյն վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, երբ մեր մէջ առաջին անգամն ըլլալով կը կազմակերպէ «Հայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը:

Այս միութիւնը կենսունակութեան նշաններ յայտնաբերեց այս շրջանին իր կազմակերպած ձեռնարկներով, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են Եդ. Տարօնեանի «Համասփիւռ» գրքէն կարգ մը պատկերներու բեմադրութիւնը եւ ապրիլ 24-ի սգահանդէսը:

Մշակութային գետնի վրայ «Հայրերու օրն» ալ ունի բոլոր տուեալները` յաջողութիւն մը արձանագրելու: Խօսելու հրաւիրուած են երիտասարդ եւ օժտեալ գրագիտուհի մը` Սոնա Ծառուկեան, եւ ծանօթ մտաւորական գրող մը` Վազգէն Այգունի: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սիրուած խմբավար տոքթ. Էլմաճեան` իր ութեակով, եւ երիտասարդ բեմադրիչ-դերասան Թաթուլ Այնեճեան:

Ծնողաց համար ընտանեկան խորհրդածութեանց ու միաժամանակ գեղարուեստական վայելքի քաղցր պահ մը ստեղծելու խոստումով այս տօնակատարութիւնը կը ներկայանայ հանրութեան:

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

Իկոր Տէր Յովհաննէսեան
Մէկ Քայլ Ոստումի Աշխարհի Ախոյեան

Իկոր Տէր Յովհաննէսեան մէկ քայլ ոստումի աշխարհի մրցանիշը խլեց ամերիկացի Ռալֆ Պոսթընէն, որ 1961-ին 8 մեթր 28 ցատկած էր:

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Տէր Յովհաննէսեան ցատկեց 8 մեթր 31:

Ծնած է Քիեւ, 19 մայիս 1938-ին: Հիանալի մարզիկ մըն է 1 մեթր 86 հասակով եւ 78 քիլօ ծանրութեամբ: Առաջին անգամ իր մասին խօսուեցաւ 1956-ին: Արդարեւ, 18 տարեկանին 7 մեթր 74 ոստումով, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Մելպուռնի Ողիմպիականին:

Երկու տարի ետք Սթոքհոլմի մէջ Տէր Յովհաննէսեան Եւրոպայի մրցանիշին տիրացաւ:

Իր վերջին յաջողութեամբ, Տէր Յովհաննէսեան 1921-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մէկ քայլ ոստումի մրցանիշը վերադարձուց Եւրոպա:

Share this Article
CATEGORIES