«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Խալիլ Պատաուի Թաղին Կազմաւորումը Եւ Ամանոս Քէմփի Ժողովուրդի Տեղաւորման Հարցը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վրանաքաղաքի հայ բնակիչներ

Պէյրութի արեւելեան Ռըմէյլ թաղին հայկական քէմփին բնակիչները հետզհետէ սկսան տուն տեղ կառուցել եւ մնայուն բնակութեան հիմեր դնել: Մինչեւ 1928 նոյն թաղին մէջ կը գտնուէր Ազգային առաջնորդարանը:

Պէյրութցի իսլամ մեծահարուստ Խալիլ Պատաուի ընդարձակ կալուած մը ունէր Ռըմէյլ թաղին մէջ: Իր կալուածէն ան հազար կանգուն հող նուիրեց հայ համայնքին, եկեղեցի կառուցելու համար: Խալիլ Պատաուի նաեւ խոստացաւ հոգալ եկեղեցիի չորս սիւներուն ամբողջ ծախսը: Ռըմէյլ թաղի բնակիչները, խրախուսուած օտարի մը կողմէ եղած այս քաջալերական խոստումէն եւ զոհողութենէն, իրենց մէջէն յանձնախումբ մը ընտրեցին եւ որոշեցին սկսիլ եկեղեցիի շինութեան: Յանձնախումբը անմիջապէս գործի ձեռնարկելով դիմեց Ազգային վարչութեան եւ համապատասխան արտօնութիւն ստացաւ: Իր կարգին երկրաչափ Մարտիրոս Ալթունեան սիրայօժար ընդունեց եկեղեցիի յատակագիծին պատրաստութիւնը եւ նաեւ խոստացաւ ղեկավարել ամբողջ շինութիւնը, առանց վարձատրութեան:

Հայ համայնքին նկատմամբ  իր յարգանքին ու անկեղծ բարեկամութեան իբրեւ արտայայտութիւն, թաղի բնակիչ Սաատի իսլամ ընտանիքը յանձն առաւ եկեղեցւոյ ներքին բարեզարդութիւնները, նկարները եւ գծագրութեան վերաբերեալ գործերը, նմանապէս առանց վարձատրութեան:

Օտարներու կողմէ եղած այս յուզիչ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն քաջալերուած, թաղեցիները որոշեցին իւրաքանչիւր ընտանիք հինգական ոսկի տալ եւ կամ այդ գումարին համապատասխան աշխատանք տրամադրել: Հանգականութիւնը սկսաւ 1930-ին, Վահրամ Վարժապետեանի գլխաւորութեամբ:

Եկեղեցւոյ շինութիւնը արտօնուեցաւ Քաղաքական ժողովի թիւ 263-13 արտօնագիրով եւ հանրապետութեան նախագահին թիւ 8013 հրովարտակով: Եկեղեցիին հիմը դրուեցաւ 1930-ին: Տիկին Նեվրիկ Քեհեայեան կարեւոր նուիրատուութիւն մը ըրաւ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ զաւկին` Յարութիւնի, որուն անունով ալ եկեղեցին կոչուեցաւ Սուրբ Յարութիւն:

Մինչ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուէին, 1931-ին բացուեցաւ Ռուբինեան վարժարանը. աշակերտները առժամաբար տեղաւորուեցան շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ երկու թեւերուն մէջ:

Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները աւարտեցան 1934-ին: Հիմնօրհնէքը կատարեց կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեան, 21 հոկտեմբեր 1934-ին: Սեղանի օծումը տեղի ունեցաւ յաջորդ կիրակի` 28 հոկտեմբերին:

Ռըմէյլի հայաբնակ այս թաղամասը կոչուեցաւ Խալիլ Պատաուի, ի պատիւ շրջանի հողատէր եւ հայոց բարեկամ ու բարերար Խալիլ Պատաուիի:

* * *

Ազգային առաջնորդարանը 1928-ին Ժըմմէյզիի գարագոլին դիմացի շարքին ետեւի փողոցին վրայ հաստատուեցաւ, ուր մնաց մինչեւ 1930 եւ յետոյ ալ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ յարակից շէնքը փոխադրուեցաւ:

Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Ազգային առաջնորդարանի կողքին դպրոց բացուեցաւ: Սակայն եկեղեցի, դպրոց եւ առաջնորդարան, պարտքի տակ կքած, չափազանց անձուկ պայմաններ կը դիմագրաւէին: Յուսահատական կացութեան ի տես, Սահակ Բ. կաթողիկոս ստառուչ աղերս մը ուղղեց հայութեան, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 28 յունիս 1933-ի թիւին մէջ:

«Աղերս
Պէյրութի
Հայ Ժողովուրդին»

«Տուք Եւ Տացի Ձեզ»

Կոչ պիտի գրէի բայց շատ կոչերով ձայնս սպառած է: Աղերս վերնագրեցի: Աղերս Ս. Նշան եկեղեցւոյ. աղերս յարակից Ազգային դպրոցի եւ անոր մէջ հարիւրաւոր մանկտեաց:

Դպրոց եւ եկեղեցի իբրեւ միասնական, պարտքի ծանրատար բեռան տակ կքած են: Ո՞ր ծնողասէր զաւակը անտարբեր եւ քարացած սրտով պիտի հանդուրժէ մօր կարօտ վիճակին:

Իբրեւ հայրենի կռունկին վերջին աւաչ, աղերսս է, օգնեցէ՛ք դպրոցին, շատ ու քիչի սահման չե՛մ դներ, տուէք, քիչ տուէք, բայց սրտով եւ անտրտունջ տուէք:

Ամիսներով ցամքած հեղեղատներ անձրեւի բարերար կաթիլներով ահեղ եւ բազմախռով հեղեղներ կը կազմուին, այսպէս կրօնական եւ կրթական գանձանակները կը լեցուին «Այրիի լումայով» եւ ոչ «յաւելորդաց ընջեց»:

«Մնաք բարեաւ», ճամբորդ եմ ի Կիպրոս երթալու, կը յուսամ եւ կը հաւատամ թէ այնտեղ, որ մեր վերջին փառքին, թագ ու թագադրին բոյնն էր, պիտի լսեմ սփոփարար Աւետիսը դպրոցի ազատագրման: Ինչպէս միշտ, այժմ եւ յաւէտ կ՛աղօթեմ բարձեալ եւ բարերար Աստուծոյ, որ հարիւրապատիկ փոխարինէ եւ մխիթարեալ պահէ եղերաբաղդ հայ ժողովուրդը:

ԱՂՕԹԱՐԱՐ
ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»

* * *

Լիբանան եւ Սուրիա ապաստան գտած գաղթական հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը արաբերէն չէր գիտեր: Տեղական լեզուով արտայայտուելու դժուարութիւնները նկատի ունենալով, եւ ժողովուրդին ուղեցոյց մը տալու, տարրական արաբերէն մը սորվեցնելու նախաձեռնութեամբ, «Ազդակ» ձեռնարկեց յատուկ դասընթացքի մը: Արաբերէն բառերու ու արտայայտութիւններու առանձին սիւնակներ պատրաստուեցան, որոնք կը տպուէին չորրորդ էջին վրայ: Օրին, «Ազդակ»-ի այդ դասընթացքը բաւական օգտակար եղաւ:

Արաբերէնի այս դասընթացքը սկսաւ 1933 յուլիսին: 15 յուլիսին թիւով «Ազդակ» կը գրէր.

«Ազդակ»-ի Ընթերցողներուն

Յառաջիկայ թիւով մեր չորրորդ էջին վրայ կը սկսինք հրատարակել արաբերէն դասընթացքը, որոշ եւ հիմնական ծրագրով, քանի մը ամսուան ընթացքին մեր հայրենակիցներուն սորվեցնելու համար արաբերէն լեզուն անսխալ խօսելու միջոցները:

Իւրաքանչիւր ընթերցող առանց թիւ մը փախցնելու կանոնաւորապէս պէտք է հետեւի սոյն դասընթացքին եւ եթէ կարելի է մասնաւոր տետրակներու մէջ օրը օրին ընդօրինակէ, կանոնաւոր եւ ամբողջական զրուցատրութեան գիրք մը ունենալու համար»:

Իբրեւ օրինակ տանք 18 յուլիս 1933-ի թիւով լոյս տեսած դասընթացքը.

«Արաբերէն Դասընթացք

Խօսակցութեան Ոճեր
Դիւրին
Արտայայտութիւններ

Բարեւ Մարհապա
Այո տէր Նաամ եա սէյտի
Ոչ տիկին Լէ եա սըթ
Այո օրիորդ Նաամ եա մատմազել
Ըսէք ինձ Էհքի լի
Ինչպէ՞ս Քի՞յֆ
Որքա՞ն Ատտէշ
Քանի՞ Քէմ
Կը խնդրեմ Պիթրեճճէք
Շնորհապարտ կը թողուք Պիսիր մեմնուն
Շատ բարի էք Ընդի քթիր մընիհ
Մի նեղուիք Լէթ իզղալ
Գիտէ՞ք Պթաարի՞ֆ
Չեմ գիտեր Մա պաարիֆ
Ներողութիւն կը խնդրեմ Էլ աֆու
Քիչ մը կեցէք Ընթըզըր շուէյ
Հրամմեցէք Ֆաթթալ
Ճշմարի՞տ է Սահի՞հ
Շնորհակալ եմ Միւթեշեքքիր
Բարի եկաք Էհլեն վէ սեհլէն
Ինչպէս է՞ք Քիյֆ հալ քոմ
Դուռը բացէք Իֆթահ էլ պապ
Պատուհանը գոցեցէք Սեքքիր էլ շըպէք
Նայեցէք ատոր Շուֆու
Ինծի լսեցէք Իս մաալի»:

***

Վրանաքաղաքի բնակիչ հայ ընտանիք

Պէյրութի մեծ վրանաքաղաքի կամ Սուրբ Խաչ հիւղաւանի հրկիզումէն քանի մը ամիս ետք, քաղաքապետութիւնը որոշած էր անկէ քիչ մը անդին, Քարանթինայի մօտակայ Ամանոս քէմփին քանդումը, շրջանին ճամբաները ընդլայնելու նպատակով: Քէմփին մէջ բնակող 300 ընտանիքները խուճապի մատնուեցան: Իրենց կարգին ազգային իշխանութիւնները գործի լծուեցան, քանդումը չսկսած ժողովուրդը տեղափոխելու եւ տեղաւորման սկսելու համար: Այս առիթով, 25 օգոստոս 1933-ի թիւով եւ «Պէյրութի հիւղաւանները» խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Կիլիկիոյ պարպումէն վերջ սկսող հայկական տարագրութեան ամենաստուար հոսանքը ուղղուեցաւ դէպի հովանաւորեալ երկիրներ եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մայրաքաղաքը: Ցամաքի թէ ծովու ճամբաներով հարիւրաւոր կիներէ, երեխաներէ, ծերերէ եւ երիտասարդներէ բաղկացած կարաւաններ կը թափուէին Պէյրութ եւ ասկէ մէկ մասը կը մեկնէր ծովերէ անդին դէպի Ամերիկաներ եւ Եւրոպա: Իսկ մնացածները ապաստան կը գտնէին թիթեղէ կամ փայտէ հիւղերու մէջ, ընդհանրապէս քաղաքի արեւելեան ծայրամասերուն վրայ: 1922-էն սկսեալ արդէն քանի մը տարուան ընթացքին Պէյրութի շրջակայքը հաստատուած էին մէկէ աւելի հայկական թաղեր, բաղկացած խիտ շարքերով եւ իրարու վրայ կառուցուած հիւղակներէ: Վատառողջ, խոնաւ եւ ապականիչ մթոնոլորտ մը կը պարուրէր բոլոր հիւղաւաններն ալ եւ անպակաս կ՛ըլլար հիւանդութիւնը: Մանաւանդ, գեղեցկատեսիլ Պէյրութի աչքառու մէկ անկիւնը բոլորովին տգեղ տեսարան մը կը ներկայացնէր եւ առաջին առթիւ կը գրաւէր ուշադրութիւնը այցելողներուն` ցամաքէն թէ ծովէն:

Ուրեմն, կրկնակ պատճառներով, տեղական կառավարութիւնը, տարիներ վերջ, գոհ չի մնաց հայկական թաղերու ներկայացուցած անհաճելի տեսարանէն եւ վատառողջ պայմաններէն ու որոշեց ցրուել զանոնք: Մէկ կողմէ ազդարարուեցաւ ի վիճակի եղող հայրենակիցներու ինքնաբերաբար հեռանալ քէմփերէն եւ տեղաւորուիլ թաղերու մէջ իրենց անձնական միջոցներով, միւս կողմէ ալ ձեռնարկուեցաւ մասնաւոր թաղերու եւ բնակարաններու կառուցման` Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ: Դժբախտաբար, սակայն, տրուած հրահանգին եւ թելադրութեանց չհնազանդեցան մեր հայրենակիցները: Մեր հոգեւոր ու ազգային իշխանութեանց յորդորներն ու մամուլի արձագանգները մնացին աննկատ: Ոչ ոք իր կամքով եւ միջոցներով ուզեց հեռանալ հիւղաւաններէ, մինչեւ որ կառավարութիւնը ստիպուեցաւ բռնի միջոցներու դիմելու:

Այսպէս, երեք տարի առաջ, Ս. Խաչ թաղի մէկ մասը կը քանդուէր կառավարութեան որոշումով եւ ոստիկաններու հսկողութեամբ, բացօթեայ դաշտին վրայ անպատսպար ձգելով բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնց մէջ, ցաւալի է ըսել, կը գտնուէին ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐ ալ, որոնք մինչեւ վերջին վայրկեան օգնութեան եւ նպաստի կը սպասէին: Հետզհետէ կը քանդուէին նաեւ միւս շրջանները մաս առ մաս, բարդելով թշուառութիւնը:

Ռըմէյլէն Էշրեֆիէ երկարող գօտին

Ս. Խաչ հիւղաւանի սոսկալի հրդեհը վերջնականապէս լուծեց այդ թաղամասի ցրւումի որոշումը եւ թշուառութիւնը հասցուց այն տեսակ աստիճանի մը, որուն դարմանումին համար աշխարհասփիւռ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ, նպաստներ փութացուց եւ մասամբ կրցաւ մեղմել չարիքը: Հրդեհը քար ու քանդ ըրաւ այդ ամենամեծ հիւղաւանը, որուն մէջ ատեն մը մինչեւ 10,000 հայութիւն պատսպարուած էր: Շնորհիւ կառուցուած նոր բնակարաններու եւ թաղերու, մեծ մասամբ տեղաւորուեցան հրկիզեալ հայրենակիցները:

Ս. Խաչ հիւղաւանէն վերջ, ամենամեծ հայկական թաղամասն է Ամանոս քէմփը, որ կը գտնուի Ս. Խաչէն քիչ անդին, Քարանթինայի մօտ: Պէյրութի քաղաքապետութիւնը որոշած է անմիջապէս ձեռնարկել այս թաղամասի ճամբաներուն ընդլայնումին եւ ըստ որոշ ծրագրի յարմար տեսնուած կարգ մը խաչաձեւ ճամբաներու հիմնումին: Քաղաքապետութեան այս ծրագրին իրագործման համար անհրաժեշտ է առայժմ 300 բնակարաններու քանդումը: Շնորհիւ Առաջնորդարանի եւ Խնամատար Մարմնի ջանքերուն, կարելի եղած է քանի մը օր ուշացնել գործադրութիւնը տրուած որոշման, առիթ եւ պատեհութիւն տալու համար մեր հայրենակիցներուն որ պատսպարաններ գտնեն եւ օր առաջ տեղաւորուին ուրիշ թաղերու մէջ: Կ՛ըսուի նաեւ թէ` քաղաքապետութիւնը որոշած է հետզհետէ քանդել մնացած հիւղակներն ալ, որոնք ամէն տեսակէտով անյարմար են եւ հակաառողջապահիկ որպէս բնակարան գործածուելու:

Սակայն ինչ որ որոշ է եւ վճռական, այն է, որ, 300 տուներ շուտով պիտի քանդուին եւ քաղաքապետութիւնը պիտի չկրնայ աւելի երկար պայմանաժամ շնորհել: Ուրեմն հարկ եւ անհրաժեշտ է որ մտածենք այդ 300 ընտանիքներու տեղաւորումն ու պատսպարումը:

Կասկայ չկայ որ այդ 300 ընտանիքներուն մէջ կան այնպիսիներ, որոնք կրնան իրենց անձնական միջոցներով պատսպարուիլ, առանց բեռ եւ ծանրութիւն դառնալու ազգին ու կառավարութեան վրայ: Նախ ուրեմն, անոնք ինքնաբերաբար պէտք է հեռանան, թեթեւցնելու համար ընդհանուր թշուառութիւնը: Յետոյ, ձմեռը չհասած, Ամանոս քէմփին մէջ գտնուող եւ քիչ շատ ի վիճակի եղող մեր հայրենակիցները, պէտք է լքեն իրենց հիւղակները եւ տեղաւորուին թաղերու մէջ: Այս ուղղութեամբ Կաթողիկոսարանի եւ Խնամատար Մարմնի կոչերն ու թելադրութիւնները Ս. Խաչի հրդեհէն վերջ, աննկատ թողուեցան: Այժմ, երբ քանդումի վտանգը մօտեցած է, վերահաս ձմեռէն առաջ, պէտք է աշխատինք թեթեւցնել բեռը:

Անկեղծ եւ երախտագէտ ըլլալու համար պէտք է ըսենք, որ տեղական կառավարութիւնը միշտ բարեացակամ գտնուած է եւ կարելի օժանդակութիւնը չէ խնայած: Ամէն անգամին ալ լայն միջոց եւ պայմանաժամ շնորհած է: Սակայն դժբախտաբար մենք չենք կրցած օգտուիլ այդ բարեացակամութենէն եւ գտնուած ենք ապերախտ:

Հայրենակիցնե՛ր, ուշ կամ կանուխ, վստահ եղէք, պիտի ցրուին ու քանդուին բոլոր հիւղաւաններն ալ: Ոչ տեղական կառավարութիւնը, ոչ Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ ոչ ալ Խնամատար Մարմինը կրնան ապահովել պատսպարաններ հիւղաւաններու բնակչութեան ամբողջութեան համար: Ուրեմն, օր առաջ, եւ ձեր միջոցներով աշխատեցէք տեղաւորուիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES