Հայրենի Կեանք

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ
Քլարա Պարթոնի Յիշատակի Ոգեկոչում

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 23 Մայիսին կայացան յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներ` նուիրուած Ամերիկեան կարմիր խաչի հիմնադիր եւ մարդասէր Քլարա Պարթոնին: Տեղի ունեցաւ նաեւ 1896 թուականին Քլարա Պարթոնին պատրաստած եւ գիրքի վերածուած զեկուցումին` «Ամերիկեան կարմիր խաչին նպաստամատոյց առաքելութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ» նիւթով անգլերէն եւ հայերէն գիրքերուն շնորհահանդէսը: Զեկուցումը հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան աջակցութեամբ:

«Այստեղ ամփոփուած է պատմութիւն, ամփոփուած է զգուշօրէն, դիւանագիտօրէն: Սա մարդասիրութեան մի վկայարան է, ամերիկեան մարդասիրական պատմութեան թերեւս առաջին լուրջ մեծ էջը», նշեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:  Անոր համաձայն, հայ-ամերիկեան պատմական առնչութիւնները բացառիկ են, քանի որ խարսխուած են մարդասիրական պատմութեան ամուր, վստահելի եւ անհերքելի հիմքերուն վրայ:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն այս առիթը նկատեց «պարզ, սակայն կարեւոր»: Ան կարեւոր նկատեց հայ եւ ամերիկեան ժողովուրդներուն միջեւ կանուխ ժամանակներէ ձեւաւորուած բարեկամական կապերը եւ անոնց ամրապնդման մէջ Քլարա Պարթոնին ունեցած դերակատարութիւնը: «Պարթոնը հիասքանչ, օրինակելի կերպար է ծառայութեան ու կարիքաւորներու օժանդակութեան: Ան լաւագոյն ապացոյցն է այն երեւոյթին, որ գործի նուիրեալ մարդը ինչե՜ր կրնայ ընել», նշեց դեսպանը: Դեսպանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Պարթոն 19-րդ դարու աւարտին ապրած ու գործած ամերիկացի կին առաջնորդ էր, մինչ այդ հանգրուանին Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները նոյնիսկ քուէարկելու իրաւունք չունէին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան նկատել տուաւ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ են եւ նորանոր ոլորտներ կ՛ընդգրկեն: Այդ յարաբերութիւնները, Յովակիմեանի համաձայն, մարդկային կապերու հիման վրայ դրսեւորուած եւ զարգացած են: Թանգարանին մէջ բացուեցաւ նաեւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն` նուիրուած Քլարա Պարթոնին: Մասնակիցներուն բաժնուեցան Ք. Պարթոնի 190-ամեակին առթիւ պատրաստուած յիշատակի բացիկներ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին մէջ Քլարա Պարթոնի գերեզմանէն բերուած հողի ամփոփման եւ յուշատախտակի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Միացեալ Նահանգներու Կարմիր խաչի հիմնադիր եւ նախագահ Քլարա Պարթոն ծնած է 1821-ին, Մասաչուսեց նահանգի Օքսֆորտ քաղաքը: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին իր ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան համար ան ճանչցուած է «Մարտադաշտի հրեշտակ» անունով:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ 1895-1896 թուականներուն գործադրուած զանգուածային կոտորածներուն մասին տեղեկանալով` Քլարա Պարթոն 1896-ին կը մեկնի Պոլիս եւ շուրջ մէկ տարի կը ղեկավարէ ջարդերէն տուժածներուն եւ անօթեւաններուն նիւթական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքները:

Անոր ջանքերուն շնորհիւ ջարդերէն փրկուած հայերուն կ՛ապահովուի կացարան, սնունդ, դեղորայք եւ հագուստ: Օսմանեան կառավարութեան յարուցած բազմաթիւ խոչընդոտներուն պատճառով Քլարա Պարթոն կը ստիպուի Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ:

1896-ին իր գործընկերներուն հետ Քլարա Պարթոն կը հրատարակէ զեկուցում մը` Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրենց ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան մասին:

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայաստանի
Կերպարուեստի
Դպրոցներու Սաներուն Ցուցահանդէսին

«Մշակութային կրթութեան աջակցութեան» հիմնադրամը 9 յունիսին Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թարգարանին մէջ ներկայացուց Հայաստանի մարզերուն, Երեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող 22 գեղարուեստի եւ 60 արուեստի դպրոցներու սաներու 2011-2012 տարեշրջանին կատարած աշխատանքներուն հաշուետու ցուցահանդէսը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը: Ընտրութիւնը կատարուած է մայիսին, բոլոր մարզերուն մէջ կազմակերպուած գեղարուեստի եւ արուեստի դպրոցներու տարեվերջի ցուցահանդէսներէն իւրաքանչիւր դպրոցէ ընդգրկելով լաւագոյն 3-5 գեղանկար, գծանկար եւ խեցեգործական աշխատանքներ:

Հաղորդենք, որ 9 – 16 յունիս կայացող ցուցահանդէսը կ՛իրականացուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Վերահրատարակուած Է Գրիգոր Նարեկացիի
«
Մատեան Ողբերգութեան»
Աշխարհաբար Թարգմանութիւնը

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը վերահրատարակած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» անուան գիրքին աշխարհաբար թարգմանութիւնը: Անիկա արդէն նախապէս աշխարհաբարով հրատարակուած էր: Լաւագոյն թարգմանութիւններէն մէկը կատարած է բանաստեղծ Մկրտիչ Խերանեանը` 1960-ին: Այդ օրերուն գաղափարախօսութենէ մեկնած` յիշեալ հրատարակութենէն դուրս մնացած էին ՀԷ., ՂԲ. եւ ՂԳ. գլուխները, ինչպէս նաեւ ԻԶ. ԼԳ. եւ ԼԴ. գլուխներէն որոշ հատուածներ` նկատի ունենալով անոնց բնոյթն ու բովանդակութիւնը:

Մայր Աթոռի այս վերջին վերահրատարակութեան մէջ ներառուած են օրին դուրս մնացած բոլոր վերոյիշեալ հատուածները, որոնց թարգմանութիւնը կատարած է Արշակ Մադոյեան:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Յատկացումով
Շուշիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կրթամշակութային
Կեդրոնի

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մօտաւորապէս 60 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, Շուշիի մէջ բացումը կատարեց կրթամշակութային կեդրոնի ուսումնական բաժինին, որ վերակառուցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի նիւթական յատկացումով:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղբալեանը, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Քաջիկ Խաչատրեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, հիւրեր, Շուշիի բնակիչներ: Կարմիր ժապաւէնը կտրեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Արա Պոյաճեանը, նախարար Նարինէ Աղբալեանը եւ ծրագիրի նուիրատուներէն Օհան Օհաննէսեանը:

Այս բաժանմունքին մէջ պիտի գործեն Մկրտիչ Խանդամիրեանի պետական թատրոնը, «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբը, նկարչութեան, պալէի, ժողովրդական գործիքներու, ասեղնագործութեան խմբակները, չափահասներու թատրոնը, ինչպէս նաեւ` տիկնիկային թատրոնը, որ կը կրէ քանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանին անունը: Վերջինիս ծրագրի նուիրատուներէն է եւ տարիներէ ի վեր կը սատարէ հիմնադրամի աշխատանքներուն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ` «Ղարաբաղի ուժը լեռներուն մէջ է, իսկ հայութեան ուժը` մշակոյթին»: Ան շեշտեց եւ կարեւոր նկատեց մշակոյթի դերը Շուշիի պատմամշակութային աւանդութիւններու վերածնունդին մէջ:

«Միացեալ ուժերով կերտուեցաւ նաեւ այս յաղթանակը, որուն համար հպարտ եմ, շնորհիւ մեր հաւատքին եւ նման ձեռքբերումներուն` Շուշին պիտի վերատիրանայ իր անցեալի փառքին: Ամուր կառչինք այս հողին, այս է մեր խնդրանքը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Արա Պոյաճեան:

Նշենք, որ տեղի ունեցաւ նաեւ երկրորդ ծրագիրի մը բացման հանդիսութիւնը: Արդարեւ, հիմնովին նորոգուած է մշակոյթի տան 450 հոգիի համար նախատեսուած հանդիսութիւններու սրահը, իսկ անոր շրջակայ տարածքը արդէն կը բարեկարգուի: Աշխատանքներուն նիւթական ծախսերը ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը եւ անիկա պիտի աւարտի յառաջիկայ ամիսներուն:

Բացման արարողութենէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց Շուշիի Խ. Աբովեանի անուան դպրոց, որուն ամբողջական նորոգութիւնը արդէն  իր աւարտին կը մօտենայ: Ծրագիրը կ՛իրականանայ Մոսկուայի ճաշկերոյթ-դրամահաւաքին հասոյթով եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան  նիւթական ներդրումով: Շուտով գործելու պիտի սկսին նաեւ երկու համակարգչային դասարաններ, որոնք հիմնուած են «Հայաստան» հիմնադրամի Ամերիկայի արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի անհատ նուիրատուներու հովանաւորութեամբ:

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին ընկերակցութեամբ, պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճար, ինչպէս նաեւ` Շուշիի պատմական Մարիամեան օրիորդաց դպրոց, որ նորոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան ջանքերով:

Յայտնենք նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներու ծիրին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի  Շէնգաւիթի նորոգուած գիշերօթիկ մանկապարտէզին բացումը: Շէնքին ամբողջական նորոգութիւնը եւ կահաւորումը կատարուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինին ներդրումով:

Այս մէկը մայրաքաղաքին մէջ գործող միակ գիշերօթիկ մանկամսուր-մանկապարտէզն է, ուր կը յաճախեն Երեւան բնակող ընկերային իմաստով անապահով եւ ծնողազուրկ ընտանիքներու զաւակները: Ներկայիս անիկա ունի 2-7 տարեկան աւելի քան 180 մանուկներ, որոնցմէ 70-ը հոն կը գիշերեն: Մանկապարտէզը ունի նաեւ հոգեբան եւ մանկավարժ:

Բացման արարողութենէն ետք հիմնադրամը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելած է Երեւանի Նորքի հուն-գիշերօթիկ` նախկին ծերանոց եւ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնը: Տեղեկացնենք, որ հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ վերանորոգուած են տուն-գիշերօթիկի «Ա.» մասնաշէնքի 3-րդ եւ 4-րդ յարկերը, նաեւ բժշկական կեդրոնին տարրալուծարանի եւ երիկամներու հիւանդութիւններու բուժան մասնագիտական բաժանմունքները:

Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու
Կազմակերպութեան
Նախաձեռնութեամբ
Սթոքհոլմի
Մէջ Կայացաւ Սեմինար Մը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը տեղեկացուց, որ մայիս 18-20 Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Սթոքհոլմի մէջ կայացաւ սեմինար` «Պայքար աջ ծայրայեղականութեան դէմ եւ գաղթականութեան ու համարկման հարցերը» նիւթով:

Սիմինարը հիւրընկալած էր Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնը:

ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացուց ՀՅԴ «ՆԻկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի աշխատակից Անահիտ Յարութիւնեանը:

Սեմինարին մասնակցեցան պատուիրակներ` եւրոպական երկիրներէ, իսկ սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներէն մասնակցեցաւ միայն Հայաստանը:

Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Աւստրիոյ ներկայացուցիչները ներկայացուցին եւրոպական եւ մասնաւորաբար սկանտինաւեան երկիրներու մէջ օրը օրին զարգացող աջ ծայրայեղական շարժումներուն դիրքը իշխանութեան մէջ, եւ` վտանգը, որ կը սպառնայ այս երկիրներու փոքրամասնութիւններուն:

Սեմինարին ընթացքին քննարկուեցան ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւններուն դերը եւ կարեւորութիւնը` աջակողմեան ծայրայեղական եւ նոր-նացիստական շարժումներուն դէմ պայքարելու գործընթացին մէջ:

ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակը, ներկայացնելով ՀՅԴ երիտասարդականի տեսակէտը` այս հարցին վերաբերող, դատապարտեց որեւէ գործողութիւն` ուղղուած փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, բռնութեան կիրարկումը եւ ճնշման գործադրութիւնը, նշելով, որ ժողովրդավարական պետութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել իր քաղաքացիներուն իրաւունքները, միաժամանակ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահելով փոքրամասնութիւններուն ազատ համարկումը հասարակութիւն:

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` մասնակիցներուն կողմէ հնչեցին առաջարկներ, թէ ինչպէս ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերութիւնները միասնաբար պէտք է պայքարին ծայրայեղական շարժումներու դէմ` յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ համերաշխութեան հաստատման:

Նշենք, որ քննարկումներուն հետ միաժամանակ սեմինարի ընթացքին տեղի ունեցան Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան աշխատանքային խումբերուն հանդիպումները:

Քննարկումներուն մասնակցելէ բացի, ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցած է տարբեր երկիրներու պատուիրակներուն հետ եւ միասնաբար քննարկած են երկուստեք համագործակցութեան եզրերը:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութիւնը կը համախմբէ Եւրոմիութեան, կեդրոնական եւ արեւելեան եւրոպաներու, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովու երկիրներու ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական շարժումները: ԵԵԸ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1992 թուականի նոյեմբերին:

Երիտասարդ Գրողները Քննարկած Են
Արդի
Գրականութեան Վիճակը Եւ
Զարգացման
Հեռանկարները

Վերջերս, Ծաղկաձորի մէջ հայ, ուքրանացի եւ վրացի երիտասարդ ստեղծագործողներ հաւաքուեցան` քննարկելու ժամանակակից գրականութեան ներկայ վիճակը եւ սերտելու ապագայի զարգացման ուղիները: Համաժողովը կը կրէր «Արմատ եւ սաղարթ» խորագիրը` խորհրդանշելով աւանդականը եւ արդիականը, ինչպէս նաեւ` սերունդներու կամրջման անհրաժեշտութիւնը:

Այս առիթով Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ տասը տարի առաջ հիմնադրուած եւ արդէն աւանդական դարձած մայիսեան այս հաւաքները տարուէ տարի կ՛ընդարձակուին եւ աւելի համապարփակ կը դառնան իրենց աշխարհագրութեամբ, ծրագիրով, քննարկուող հարցերով: «Մենք ունինք շատ տաղանդաւոր սերունդ, գրական միջավայր: Ժամանակն է, որ վերականգնենք նախկին գրական կապերը, համագործակցութիւնը», դիտել տուած է Լ. Անանեան: Հայ արդի գրողներուն ստեղծագործութիւնները մեծ թափով կը թարգմանուին ռուսերէնի, վրացերէնի, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ է:

Հայաստանի մէջ ռուսական համագործակցութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Վիքթոր Քրիւափուսքով առաջարկեց, որ նման համաժողովներ կայանան տարին երկու անգամ` գարնան, երբ կը ցանուին գրական սերմերը, եւ` աշնան, որպէսզի բերքը հաւաքուի: «Մուսան երբեք պէտք չէ լռէ, որպէսզի լռեն թնդանօթները», յիշեցուց ռուս ղեկավարը:

Վրաստանի գրողներու միութեան նախագահ Մաղվալա Կոնաշվիլին եւս ողջունեց համաժողովին բոլոր մասնակիցները` նշելով, որ իրենց համար մեծ հաճոյք է տարբեր առիթներով Հայաստան գալ, որովհետեւ Հայաստանը օրհնեալ երկիր է:

Լոյս Տեսած Է «Հայ Հնատիպ Գիրքերու Ձեռագիր
Յիշատակագրութիւնները
» Գիրքը

24 մայիսին Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Նորայր Պօղոսեանի «Հայ հնատիպ գիրքերու ձեռագիր յիշատակութիւնները» (1512-1572) գիրքին շնորհահանդէսը:

200 տպաքանակով լոյս տեսած է գիրքը հեղինակին մօտաւորապէս երկու տարուան աշխատանքին արդիւնքն է: Հեղինակը յայտնած է, որ գիրքը նախատեսուած է հայագէտներու, հայոց լեզուի պատմութեան մասնագէտներու եւ պատմաբաններու համար: Ն. Պօղոսեան 150 գիրքի հետազօտութիւն կատարած է Հայաստանի մեծագոյն գրադարաններուն մէջ եւ նշած է, որ կը ցանկայ եւրոպական գրադարաններու մէջ պահուող գիրքերու յիշատակագրութիւնները ուսումնասիրել:

Գիրքը տպագրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով, Երեւանի պետական համալսարանի տպարանին մէջ:

Հայերէն հնատիպ գիրքերէն շատերուն մէջ գնողները, նուիրողները, թարգմանիչները եւ կամ ուրիշներ գիրքերուն էջերուն վրայ ձգած են ձեռագիր յիշատակութիւններ, որոնք գիրքի տպագրութեան հանգամանքներուն, հրատարակիչներուն, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերու մասին են, սակայն ունին որոշակի առանձնայատկութիւններ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES